Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ 8 իսրայէլեան օդանաւեր խզած են Լիբանանի օդային սահմանները եւ թռիչքներ ու կեղծ յարձակումներ գործած հարաւային Լիբանանի վերեւ:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ ինք մեծ յոյսեր ունի, որ կառավարութեան գումարելիք այսօրուան նիստին ընթացքին ելեկտրականութեան հոսանքի հարցին ամբողջական լուծում մը կարելի ըլլայ գտնել:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ մեկնեցաւ Պաղտատ` մասնակցելու համար Արաբական լիկայի վեհաժողովի նախօրեակին տեղի ունենալիք արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ դրուատեց Սուրիոյ Իսլամ եղբայրներուն յայտարարութիւնները: Ժոմպլաթի համաձայն, Սուրիոյ իսլամ եղբայրները յարգանքի արժանի են եւ բաց` ուրիշը լսելու եւ ընդունելու առումով:
ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ կարգերու ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Հաննա Ղարիպ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեց, որ իրենք երկրորդական բոլոր պետական վարժարաններուն մէջ պիտի շարունակեն դասադուլը, մինչեւ որ կառավարութիւնը ընդառաջէ իրենց պահանջներուն:
ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ զօրակցութիւն յայտնեց երկրորդական կարգերու ուսուցիչներուն որդեգրած դասադուլի քայլերուն` աւելցնելով, որ եթէ կառավարութեան կողմէ իրենց նկատմամբ անտեսումի քաղաքականութիւնը շարունակուի, ապա պետական քննութիւններ պիտի չկատարուին:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ յառաջիկայ 2, 3 եւ 4 ապրիլին վառելանիւթի մարզի սեփականատէրերուն գործադրելիք գործադուլը ուղղուած է լիբանանցիներուն դէմ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութիւնը շիի երեք անձնաւորութիւններու կողմէ տեղեկացած է, որ շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի գոյութիւնը իր պաշտօնին վրայ օրինազանցութիւն կը նկատուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ Լիբանան պիտի հանգստանայ սուրիական վարչակազմին տապալումով, իսկ Հըզպալլայի զէնքը բռնագրաւումի զէնք է:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած իմամ Մուսա Սատըր Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ իր բանտարկութենէն ետք մահացած է, սակայն անոր դիակը անհետացած է Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մոամմար Քազզաֆիի իշխանութեան տապալումէն ետք:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ իրենք Պքերքէի հետ հաղորդակցութիւններ կը կատարեն` հասնելու համար մարոնի համայնքի նոր պատրիարքին ոճին յարմարելու որոշ եզրի մը: Միւս կողմէ, ան հաստատեց, որ Սուրիոյ ազգային խորհուրդին հետ իրենց կապերը առկայ են եւ յարաբերութիւնները սկսած են արդիւնաւէտ դառնալ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ Լիբանանի հարցերուն բոլոր լուծումները կարելի է ապահովել, եթէ ջանքերը կեդրոնացուին կառավարութեան աշխատանքը արդիւնաւորելու շուրջ:
ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ կը ջանան լաւատեսութիւն ներշնչել ելեկտրականութեան թղթածրարի լուծման առումով:
ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ Պքերքէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի եւ այս կամ այն կողմին հակադարձելու տաղտուկին մէջ պիտի չիյնայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կը գոյատեւէ շրջանային նեցուկի շնորհիւ: Ան աւելցուց, որ կառավարութենէն փտածութեան նեխած հոտ մը կու գայ:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ ելեկտրականութեան թղթածրարի լուծման համար պէտք է հիմնուիլ թուային պատկերներու վրայ եւ լաւ ուսումնասիրել զանոնք:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Զիատ Քատիրի յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը որոշած է Լիբանանի գարունը աշնան վերածել` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն երկրին խաղաղութիւնը ամրապնդելու համար:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ձախողած է, որովհետեւ զէնքի փոքր պետութիւնը կ՛արգիլէ անոր աշխատանքը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆաթհ շարժումի զինեալ թեւի պատասխանատու Մունիր Մաքտահ շեշտեց, որ այն հանգրուանը, որուն ընթացքին պաղեստինցիները կը սպաննուէին եւ լուռ կը մնային, անվերադարձ անցած է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանանի կացութիւնը անհանդուրժելի դարձած է` աւելցնելով, որ երկրին հիմնական լուծում կարելի է ապահովել կառավարութիւն մը կազմելով:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը Թըպնինի մէջ բացայայտած են ժամկէտանց կազային ըմպելիներ, ինչպէս` «Փեփսի» եւ «Սեվըն ափ»:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Զիատ Մաժալին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը: