Պասիլ Ռապիէէն Պաշտպանեց Ելեկտրական Հոսանքի Թղթածրարին Գծով Իր Մօտեցումը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ յետմիջօրէին Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը`  նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ ելեկտրական հոսանքին թղթածրարը, որմէ ետք ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ ելեկտրական հոսանք ապահովելու մասին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցած առաջարկը հիմնական տասը սխալներ կը բովանդակէ:

Ան ընդգծեց, որ երանի կարելի ըլլար Լիբանանի մէջ մէկ տարուան ընթացքին ելեկտրական հոսանք արտադրող նոր կայաններ կառուցել:

Պասիլ շեշտեց, որ նոյնիսկ իրանեան առաջարկին եւ աշխատանքի պատրաստակամութեան համաձայն 28 ամսուան ընթացքին է, որ կարելի կ՛ըլլայ ելեկտրական հոսանքի արտադրութեան կայան մը հիմնել:

Պասիլ յայտնեց, որ ելեկտրական հոսանք արտադրող կայան մը հիմնելու գումարը 500 միլիոն տոլար կ՛ենթադրէ, իսկ ելեկտրականութեան հոսանք արտադրող նաւերուն վճարուելիք գումարը գրեթէ ոչինչ է:

«Ելեկտրականութիւն արտադրող նաւերը վարձելու պարագային, լիբանանեան պետութիւնը 130 միլիոն տոլարի սեղմում պիտի կատարէ, իսկ մեր պահանջն է, որ ելեկտրական հոսանք արտադրող նաւերը վարձելու կողքին, հիմնենք նաեւ ելեկտրականութեան կայանները», ըսաւ ան:

Պասիլ զգուշացուց լիբանանցիները` նկատել տալով, որ եթէ լուծում մը կարելի չըլլայ ապահովել, ապա քաղաքացիները 12 ժամ ելեկտրական հոսանքի անջատման դէմ յանդիման պիտի գտնուին:

Ուժանիւթի նախարարը շեշտեց, որ կարելի է կառավարութեան նիստին ընթացքին լուծումներուն շուրջ քուէարկութիւն կատարել` աւելցնելով, որ երբ կառավարութեան աշխատանքը դադրի արդիւնաւէտ ըլլալէ, այն ատեն է, որ ան կը ձախողի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES