Քըրթպաուի. «Իրաւաբաններուն Կողմէ Գործադուլի Որոշումը Հասկնալի Է»

Պէյրութի եւ Թրիփոլիի իրաւաբաններու սենտիքաները նախանցեալ օր կատարեցին գործադուլ – նստացոյց մը, որուն ընթացքին անոնք պահանջեցին նշանակել Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահը, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութեան մէջ պետական կարգ մը անհրաժեշտ այլ նշանակումներ կատարել:

Իրաւաբաններու սենտիքաները պոյքոթի ենթարկեցին դատավարութիւններուն իրենց ներկայութիւնը եւ բողոքեցին կառավարութեան դէմ` անկէ պահանջելով ճշդել Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան թեկնածուն:

Իրաւաբաններու Պէյրութի սենտիքայի նախագահ Նուհատ Ժապըր յայտնեց, որ գործադուլին մասնակցած են բոլոր իրաւաբանները` աւելցնելով, որ Պէյրութի եւ Հիւսիսային Լիբանանի մէջ նստացոյցը կրնայ այլ բնոյթ ստանալ, եթէ կառավարութեան այսօրուան նիստին ընթացքին կարելի չըլլայ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահը նշանակել:

Իր կարգին, իրաւաբաններու Թրիփոլիի սենտիքայի նախագահ Պասսամ Տայա յայտնեց, որ իրենք պիտի դիմեն մագլցողական քայլերու, եթէ մինչեւ յունիս Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նոր նախագահ մը չնշանակուի:

Արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ կառավարութեան ներկայացուցած է Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահութիւնը ստանձնող թեկնածուի մը անունը:

Ան շեշտեց, որ ինք իր պարտականութիւններուն եւ պատասխանատուութիւններուն գիտակից է` աւելցնելով, որ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահի պաշտօնին համար ինք զուտ դատական ատակութեան համաձայն ներկայացուցած է այդ անունը, առանց այլ չափանիշերու:

Նշենք, որ Քըրթպաուի յայտնեց, որ ինք կը հասկնայ իրաւաբաններուն կողմէ տրուած գործադուլի եւ բողոքի նստացոյցի որոշումը, սակայն նաեւ յոյս ունի, որ կառավարութիւնը կատարէ պետական նշանակումները, յատկապէս Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահին նշանակումը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES