Նախագահ Սլէյման Այսօր Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Ընթացիկ Նիստին

Նախագահ Սլէյման եւ նախարար Պասիլ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այսօր Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկումի հիմնական առարկայ պիտի դառնան ելեկտրականութեան տագնապի լուծման հարցն ու պետական նշանակումներուն, յատկապէս` Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահի նշանակման հարցը:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման երէկ ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլը, կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրին, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլը, որոնց հետ քննարկեց կառավարութեան քննարկելիք օրակարգին վերաբերող հարցեր եւ անոնց շուրջ համախոհական որոշ եզր մը գոյացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, որ նախագահին ներկայացուց Պքերքէի հոգեւոր պետերու վեհաժողովին արդիւնքները:

Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Պաապտայի աղբիւրներէն, նշեց, որ նախագահ Սլէյման հինգշաբթի առաւօտեան պիտի մեկնի Իրաք` մասնակցելու համար Արաբական լիկայի վեհաժողովին, որ պիտի գումարուի Պաղտատի մէջ: Կը նախատեսուի, որ նոյն գիշերը նախագահ Սլէյման վերադառնայ Պէյրութ:

Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, նախագահ Սլէյմանի պիտի ընկերակցի սեղմ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս պիտի կազմեն նախագահին խորհրդականներն ու արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր:

 

Share this Article
CATEGORIES