Սէուլի Մէջ «Հայաստանի Մասին Յերիւրանքներ Տարածելը Ազրպէյճանի Մէջ Դարձած Է Գործելաոճ» Յայտարարեց Սերժ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Սէուլի մէջ հիւլէական ապահովութեան 2012-ի միջազգային վեհաժողովին ընթացքին յայտարարեց, որ հիւլէական ապահովութիւնը եղած է եւ կը մնայ Հայաստանի համար առաջնահերթ խնդիր:

Ան նշեց, որ Հայաստան` իբրեւ հիւլէական ուժանիւթ արտադրող երկիր, Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ կը զարգացնէ համակողմանի փոխադարձ գործակցութիւն: «Հայաստանի հիւլէակայանի անվտանգ շահագործումը եւ անոր ապահովութեան մակարդակի բարձրացումը, ֆիզիքական պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ բարձր աշխուժութեան` աշխատած վառելիքի պահպանումը եւ հսկումը մեր կառավարութեան առաջնահերթ խնդիրներէն մէկն է: Այս գործին մէջ մենք խստագոյնս կը պահպանենք Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան` այդ սերունդի հիւլէական կայաններուն համար առաջարկուող միջազգային չափանիշերու պահանջները», նշեց Սերժ Սարգսեան:

Ան անդրադարձաւ նաեւ հայկական հիւլէական կայանին մասին Սէուլի վեհաժողովին ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահին ներկայացուցած ապատեղեկատուութիւնը` յայտարարելով, որ Հայաստանի մասին յերիւրանքներ տարածելը Ազրպէյճանի մէջ վաղուց արդէն գործելաոճ դարձած է: «Ամէնէն բարձր ամպիոններէն խեղաթիւրուած կը ներկայացուին ոչ միայն Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ ամէն ինչ, այլեւ միջազգային հանրութեան` մեր եւ ձեր կողմէ ընդունուած փաստաթուղթերը: Նոյնիսկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի` Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին մասին յայտնի բանաձեւերը կը խեղաթիւրեն` մոռնալով, որ իրենք սկսած են զինուորական գործողութիւններուն, իրենք մերժած են զանոնք դադրեցնել եւ իրենք են, որ հիմա ամէն օր ռազմատենչ յայտարարութիւններ կը կատարեն, կը մերժեն լուծել Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը միջազգային իրաւունքի հիման վրայ», յայտնեց Հայաստանի նախագահը:

Ըստ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Չեռնոպիլի եւ Ֆուքուսիմայի ողբերգութիւններէն ետք շատերը վերապահութեամբ կը մօտենան հիւլէական ուժանիւթի ապագային: Սակայն յատուկ պարագաներու, ինչպէս` Հայաստանի պարագային, քիչ այլընտրանք կայ ապահովելու ժողովուրդի կայուն զարգացումը եւ կենսամակարդակի բարելաւումը:

Նախագահ Սարգսեան նաեւ նշեց, որ տեղին պիտի ըլլար հիւլէական ուժանիւթի ապահովութեան ապահովման հարցերը դիտարկել յարակից խնդիրներու հետ ամբողջութեան մէջ: «Հայաստանի չորս անմիջական դրացիներէն երկուքը` խախտելով միջազգային իրաւունքի չափանիշերը, երկու տասնամեակ շարունակ շրջափակման մէջ կը պահեն մեր երկիրը, բազմաթիւ այլ խնդիրներու շարքին` այլընտրանք չձգելով նաեւ ուժանիւթի անկախութեան ուղիներու ընտրութեան հարցին մէջ», նշեց Հայաստանի նախագահը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES