50 Տարի Առաջ ( 29 մարտ 1962 )
Հայ Կեանք
Սելանիկի Եկեղեցիին
Կարեւոր Դատը Շահուած Է
Աթէնքի մեր պաշտօնակից «Ազատ Օր»-ի մէջ (23 մարտ) կը կարդանք.-
Ինչպէս ծանօթ է շատերուն, 1960 յուլիսին, թագաւորական հրովարտակով մը, Թեսաղոնիկէի քաղաքին յատակագիծը փոփոխութեան մը ենթարկուած էր, հայոց եկեղեցիի վայրին մէջ: Այդ փոփոխութեան պատճառով մեր եկեղեցիին հողամասը հրապարակի կը վերածուէր եւ եկեղեցիին կռնակի հողամասին տէրերը, որոնց ջանքերով եւ զարտուղի միջոցներով ձեռք բերուած էր վերոյիշեալ փոփոխութիւնը, իրաւունք կը ստանային եկեղեցիին կողմը ճակատ ունեցող ինը յարկանի շէնք մը բարձրացնել:
Ազգային Կեդրոնական վարչութիւնը եւ Թեսաղոնիկէի թաղականութիւնը, հելլէն բարեխնամ կառավարութեան եւ ի մասնաւորի հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան մօտ ազդու եւ կտրուկ դիմումներ կատարելով, յաջողեցան նոր հրովարտակով մը չեղեալ նկատել տալ նախորդը եւ եկեղեցիին հողամասը փրկել հրապարակի վերածուելէ:
Նոր հրովարտակին դէմ Պետական խորհուրդին մօտ բողոք ներկայացուցին եկեղեցիին թիկունքի հողամասին տէրերը` պահանջելով, որ վերստին կեանքի կոչուի ջնջուած նախորդ հրովարտակը:
Փետրուար 27-ին Պետական խորհուրդին (Սիմվուլիոն էփիքրաթիաս) առջեւ տեղի ունեցաւ հարցի քննութիւնը, որուն միջամտեց Թեսաղոնիկէի թաղականութիւնը, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան իրաւագէտ խորհրդական փաստաբան Ս. Ֆեսճեանի միջոցով, որ փաստացի եւ կուռ պաշտպանողականով մը Պետական խորհուրդին ներկայացուց Թեսաղոնիկէի թաղականութեան եւ Ազգ. իշխանութեան տեսակէտը` շեշտելով, որ դրացի հողամասի տէրերուն բուն նպատակն է յօգուտ իրենց քանդել Թեսաղոնիկէի հայոց միակ աղօթատեղին:
Պետական խորհուրդը իր 21 մարտ 1962 թուակիր եւ 435 թիւ վճիռով մերժած է յիշեալներուն դիմումը` օրինաւոր գտնելով Թեսաղոնիկէի թաղականութեան միջամտութիւնը եւ վաւերացուցած` եկեղեցւոյ սեփականութիւնը վերահաստատող 1961 յունիս 9-ի թագաւորական հրովարտակը:
Քաշմիրի Ռատիոն
Հայերու Մասին
Լեւոն Քէշիշեան Քաշմիրէն կը գրէ 19 մարտ թուականով.-
Այս թղթակցութիւնս կը գրեմ երկիրէ մը, որ ինքզինք ազատ հռչակած է, բայց ոչ մէկ պետութեան կողմէ կը ճանչցուի որպէս ազատ:
Քաշմիր Ճամու երկրի այդ բաժինն է, որ Փաքիստանի կողմն է, ունի իր կառավարութիւնը, բանակը եւ կը պատրաստուի ազատագրել Քաշմիրին մեծ մասը, որ կը մնայ Հնդկաստանի ձեռքը: Ասիկա կարեւոր ու շատ վտանգաւոր հարց մըն է:
Այս երկրի ընտրեալ նախագահն է Ք. Հ. Խուրշիտ, երիտասարդ մը, որ հազիւ 35 տարեկան է: Այս շրջապտոյտիս իրեն հանդիպեցայ արեւմտեան Փաքիստանի Աաքա քաղաքին մէջ:
Անմիջապէս զիս ճանչցաւ. ես մոռցած էի: Յիշեցուց: Սան Ֆրանսիսքօ ծանօթացած էինք 1951-ին, ճափոնական խաղաղութեան ժողովին: «Ինչպէս է պր. Մարտիկեանը», հարցուց: Ան մեզ հիւրասիրած էր: Ինք այդ շրջանին որպէս լրագրող կ՛այցելէր Ամերիկա եւ բաւական բարեկամութիւն հաստատած էինք:
«Ազատ Քաշմիր» կը նշանակէ «Ազատ Քաշմիր» ուրտուերէն: Իրենց յիշեցուցի, թէ «ազատ» հայերէն նոյն բանը կը նշանակէ:
Հայերու մասին դասախօսութիւն մը տուի այս քաղաքին քոլեճին մէջ, որ այս «ազատ» երկրի մայրաքաղաքն է: Շատ հետաքրքրուեցան եւ իրենց ռատիոյէն ալ խօսեցանք հայերու մասին:
– ՖՐԱՆՍԱՅԻ ժամագործութեան ճարտարարուեստի պարբերաթերթին «Լա Ֆրանս Օրլոժէ»-ի փետրուարի թիւին լրատուութեամբ, «Ֆրանսայի լաւագոյն բանուորի» տարեկան մրցումի առաջնութիւնը շահած է երիտասարդ հայ ժամագործ Սարգիս Եազճեան:

