Էն.Պի.Էյ. Նակեթց – Պուլզ` 108-91

Էն.Պի.Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Տենվըր Նակեթց 108-91 արդիւնքով յաղթեց Շիքակօ Պուլզի: Վերջինս թէեւ կրեց տարեշրջանի իր 11-րդ պարտութիւնը, սակայն նախորդ շաբաթավերջին հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ ապահովեց փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը` արձանագրելէ ետք իր 40-րդ յաղթանակը:

Յաղթական կազմին մարզիկներէն Թայ Լոսըն նշանակեց 27 կէտ:

Հիուսթըն Ռոքեթց երկարաձգման ընթացքին միայն յաջողեցաւ յաղթել Սաքրամենթօ Քինկզի (113-106):

Նշենք, որ նախանցեալ օր չորս երկարաձգումէ ետք միայն աւարտեցաւ Աթլանթա Հոքս-Եութա Ճեզ մրցումը` ի նպաստ առաջինին, 139-133 արդիւնքով:

Վերջին անգամ նոյեմբեր 1997-ին Ֆէոնիքս Սանզ-Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ մրցումը աւարտած էր չորրորդ երկարաձգումէն ետք:

Սակայն մրցանիշը հաստատուած է 1951-ին, երբ վեցերորդ երկարաձգումէն ետք միայն աւարտած է Ինտիանափոլիս Օլիմփիընզ – Ռոչեսթըր Ռոյըլզ մրցումը:

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

 

Ինտիանա Փէյսըրզ – Մայեմի Հիթ 105-90
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 79-77
Օրլանտօ Մեճիք – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 117-101
Պոսթըն Սելթիքս – Շարլոթ Հոռնեթց 102-95
Եութա Ճեզ – Նիւ Ճըրզի Նեթց 105-84
Նիւ Եորք Նիքս – Միլուոքի Պաքս 89-80
Տենվըր Նակեթց – Շիքակօ Պուլզ 108-91
Հիուսթըն Ռոքեթց – Սաքրամենթօ Քինկզ 113-106
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Նիւ Օրլինզ 97-85

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներու յայտագիրը.

Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Քիվլենտ Քաւալիրզ
Միլուոքի Պաքս – Աթլանթա Հոքս
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Մինեսոթա Վուլվզ
Տալաս Մավըրիքս – Հիուսթըն Ռոքեթց
Ֆէոնիքս Սանզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Օքլահոմա Սիթի
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ

 

Share this Article
CATEGORIES