Իտալիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Աւարտական Մրցումին Վայրը` Ցարդ Անորոշ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ցարդ անորոշ է, թէ Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը` Եուվենթուսի եւ Նափոլիի միջեւ, ուր տեղի պիտի ունենայ: Թէեւ անիկա պիտի կատարուի 20 մայիսին, սակայն Իտալիոյ Ողիմպիական կոմիտէն եւ Քալչիոն իրարու հետ չեն համաձայնած, թէ արդեօք անիկա պէտք է տեղի ունենայ Հռոմի Ողիմպիական դաշտի՞ն վրայ, թէ՞ ոչ:

Եուվենթուս կ՛ուզէ, որ այսպիսի կարեւոր մրցում մը տեղի ունենայ Հռոմի Ողիմպիական դաշտին վրայ, մինչ Նափոլիի համակիրները այդ մէկը չեն ուզեր:

 

Share this Article
CATEGORIES