Ռանիերի Լքեց Ինթեր Միլանի Մարզիչի Իր Պաշտօնը
Իր ակումբին` Ինթեր Միլանի հետ բաւական ձախող արդիւնքներ արձանագրած եւ վեց ամիս առաջ մարզիչ նշանակուած Քլաուտիօ Ռանիերի լքեց իր պաշտօնը` ներկայացնելէ ետք իր հրաժարականը:
Այսպիսով, ան կը դառնայ երրորդ մարզիչը, որ այս տարեշրջանին կը նշանակուի Ինթերի մարզիչ:
Նշենք, որ Ինթեր 2010-ին Ժոզէ Մուրինիոյի հետ ապրեցաւ իր փառքի օրերը, երբ անիկա հեթրիք մը իրագործեց` տիրանալով Իտալիոյ բաժակին, Իտալիոյ ախոյեանութեան եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին տիտղոսին:
Ինթերի նախագահ Մասիմօ Մորաթթի, որ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր եւ անոր անձնակազմին, այն յոյսով էր, որ Ռանիերի մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պիտի մնայ խումբին հետ:
Անոր օգնականը` Անտրէա Սթրամաքիոնի, նշանակուեցաւ ժամանակաւոր մարզիչ:
CATEGORIES Մարզական


