Մանուչարեան Իր Վերադարձը Նշեց Կոլով
Armsport.am լրատուական կայքէջէն կ՛իմանանք, որ վերջին ամիսներուն վիրաւոր ըլլալուն պատճառով ֆութպոլի դաշտերէն բացակայած Էտկար Մանուչարեան, որ ապաքինումի մէջ էր, երէկ դաշտ ներկայացաւ իր ակումբին` Ուրալի հետ, Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 42-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող յառաջապահ Մանուչարեանի կազմը` Ուրալ, իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` պարտութեան մատնելով Թորփետօ Մոսկուան:
Մանուչարեան, որ 78-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ, տասը վայրկեան ետք նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը:
Այժմ Ուրալ 64 կէտով կը գրաւէ 7-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական


