«Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Մեր Հպարտութիւնը Հանդիսացաւ» Ըսաւ Արամ Սիմոնեան
Armsport.am լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ երէկ Երեւանի պետական համալսարանը հիւրընկալեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանը, ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեանը եւ խումբի խմբապետ Սարգիս Յովսէփեանը: Այս հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան:
Բացման խօսքին մէջ Երեւանի պետական համալսարանին նախագահ Արամ Սիմոնեան ըսաւ. «Կրնանք ըսել, որ այսօր համալսարանին մէջ տօն է, որովհետեւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի եւ հաւաքականի ներկայացուցիչներուն հետ կը հանդիպինք: Հայաստանի հաւաքականը այժմ դարձած է մեր հպարտութիւնը: Բազմաթիւ երկիրներ կ՛երազէին ունենալ այսպիսի հաւաքական մը»:
Ապա, համալսարանի ուսանողները բազմաթիւ հարցումներ ուղղեցին հիւրերուն` անոնց հետ քննարկելով հայկական ֆութպոլին հետ առնչուող հարցեր: Այս հանդիպումը տեւեց շուրջ 1,5 ժամ:


