«Չեմփիընզ Լիկ» Ռէալ Մատրիտ Եւ Չելսի` Յաղթական

Քարիմ Պենզիմա կը տօնէ իր նշանակած կոլը

«Չեմփիընզ լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:

Նախքան մանրամասնութիւններուն անդրադառնալը, նշենք, որ այսօր տեղի կ՛ունենան մնացեալ երկու ճակատումներ, որոնց ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Ա.Սէ.Միլան – Պարսելոնա եւ Մարսէյ – Պայէրն Միւնիխ: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Ափոյել Նիկոսիա, որ Կիպրոսի մէջ հիւրընկալեց ինը անգամ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած Ռէալ Մատրիտը, յաջողեցաւ դիմանալ մինչեւ 74-րդ վայրկեան, որմէ ետք իր բերդին մէջ ստացաւ երեք կոլ եւ 3 – 0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Քարիմ Պենզիմա (74-րդ եւ 90-րդ) եւ Քաքա (82-րդ) նշանակեցին յաղթական կազմին երեք անպատասխան կոլերը:

Մրցումը ընթացաւ բաւական «մաքուր», որովհետեւ օրուան իրաւարարը` Ֆելիքս Պրիչ (Գերմանիա), ոչ իսկ մէկ անգամ գործածեց իր դեղին քարտը:

Ռէալ մատրիտի նման օտար դաշտի վրայ յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Չելսի, որ Սալոմոն Քալուի նշանակած կոլին շնորհիւ (75-րդ) 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պենֆիքան:

 

Share this Article
CATEGORIES