Ճատրակ. Եւրոպայի Տղոց 13-րդ Անհատական Ախոյեանութիւն Հայրենի Վարպետներէն Վեցը Պարտութիւն Կրեցին
Փլովտիւի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի տղոց 13-րդ անհատական ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի հանդիպումները այդքան ալ յաջող չեղան հայրենի վարպետներուն համար, որովհետեւ անոնցմէ վեցը պարտութիւն կրեցին:
Պարտութիւն կրողները եղան` Սերկէյ Մովսիսեան, Հրանդ Մելքումեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Տիգրան Լ. Պետրոսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Զաւէն Անդրէասեան:
Վլատիմիր Յակոբեան, որ այս հանգրուանին յաղթեց, այժմ ամէնէն շատ կէտը ապահոված է (5,5): Գաբրիէլ Սարգսեան ունի 5 կէտ, իսկ 4,5-ական կէտ ունին Սերկէյ Մովսիսեան, Հրանդ Մելքումեան եւ Յովհաննէս Կապուզեան:
Յակոբեան այսօր իրեն մրցակից պիտի ունենայ Տենիս Քիշմաթուլինը (Ռուսիա), որ իր կարգին ունի 5,5 կէտ:
Նշենք, որ այժմ պարագլուխի դիրքը 6 կէտով առանձինը կը գրաւէ Սերկէյ Ազարով (Պիելոռուսիա):
CATEGORIES Մարզական