Բժիշկներու Սենտիքայի Նախագահը Այցելեց Լիբանանահայ Բժիշկներու Միութեան Կեդրոնատեղին

Երէկ` չորեքշաբթի, 28 մարտ 2012-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան կեդրոնատեղին այցելեց Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ տոքթ. Շարաֆ Ապու Շարաֆ (մանուկներու սրտաբան):

Միութեան ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն շնորհակալական խօսք ուղղեց Բժիշկներու սենտիքայի նախագահին, որ այցելեց կեդրոնատեղին:

Տոքթ. Շարաֆ Ապու Շարաֆ խօսք առնելով անդրադարձաւ բժշկական ասպարէզին դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ խօս եցաւ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս երբեմն նոյնիսկ բժիշկներու իրաւունքները ոտնակոխ կ՛ըլլան: Ան կոչ ուղղեց բոլոր բժիշկներուն միասնաբար ձեռք ձեռքի տալով գործակցելու, որպէսզի լուծումներ գտնուին մարտահրաւէրներուն: Տոքթ. Ապու Շարաֆ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է բժիշկին ապահովել  պատշաճ կեանք մը: Ան նաեւ խօսեցաւ իր իրագործած ծրագիրներուն մասին, ինչպէս` բժշկական նոր պարտադիր դեղագիրի որդեգրում, որ նաեւ առիթ պիտի ընծայէ, որ դեղերու սպառումը հիւանդներուն կողմէ հսկողութեան ենթարկուի: Ան նաեւ թուեց ի նպաստ բժիշկներուն սենտիքայի իրագործած այն ծրագիրները, որոնք քաղաքական սուր լարուածութիւններու հետեւանքով սառած էին: Ան անդրադարձաւ բժշկական նոր որոշումներուն, որոնք տրուած էին խորհրդարանի կողմէ` ի նպաստ բժիշկներու հանգստեան թոշակին, աւելցնելով, որ կը հետապնդուին նաեւ ապահովագրական անձնական ընկերութիւններու եւ տամանի վճարումները, որոնք ուշ եւ պակասաւոր կը հասնին, նաեւ առանց տեղեկութեան, թէ որ հիւանդին կը պատկանին անոնք: Այս ուշացումը պիտի կրճատուի, եւ 1 տարուան փոխարէն 3 ամսուան ընթացքին պիտի գանձուի գումարը:

Բժիշկներու սենտիքայի նախագահը նաեւ ընդգծեց, որ ներկայիս համալսարաններուն մէջ բժշկութիւն ուսանողներու թիւը շատ մեծ է, եւ այս հարցին որոշ լուծում գտած են: Որոշ քննութիւններու կ՛ենթարկեն անհատները, եւ հարկ է կատարելագործման կազմաւորում ըլլայ:

Աւարտին ան հաստատեց, որ իր առաւելագոյն ճիգը պիտի թափէ, որպէսզի բժիշկներու իրաւունքները չկորսուին եւ պատշաճ կեանք մը ունենան:

Այնուհետեւ բժիշկները առիթ ունեցան հարցումներ ուղղելու Բժիշկներու սենտիքայի նախագահին, որմէ ետք միութեան կողմէ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ տոքթ. Շարաֆ Ապու Շարաֆի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES