Յունաստանի Մէջ Արտակարգ Ընտրութիւններու Օրը Յայտնի Պիտի Դառնայ Մինչեւ 11 Ապրիլ

Յունաստանի կառավարութեան բանբեր Փաթելոս Քափսիս յայտնեց, որ Յունաստանի մէջ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու ճշգրիտ թուականը պիտի որոշուի մինչեւ 11 ապրիլ:

Ան յայտարարեց, որ գործող կառավարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ ընտրութիւններէն ետք աւելի լաւ մթնոլորտի մէջ նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու համար:

Նախապէս կատարուած յայտարարութիւններուն մէջ իբրեւ արտակարգ ընտրութիւններու թուական կը նշուէր 29 ապրիլը կամ 6 մայիսը: Յունաստանի մէջ կատարուած հարցախոյզները ցոյց կու տան, որ երկրին մէջ քաղաքական անկայունութիւնը ազդեցութիւն պիտի ունենայ հանրութեան նախընտրութիւններուն վրայ: Որեւէ կուսակցութիւն պիտի չկարենայ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ունենալ, որուն պատճառով ալ Յունաստանի մէջ համաձայնական կառավարութիւն պիտի ձեւաւորուի:

 

Share this Article
CATEGORIES