Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յառաջիկայ 6 մայիսը ճշդեց քաղաքապետական եւ թաղապետական մասնակի ընտրութիւններու օր`  ամբողջացնելու համար Լիբանանի կարգ մը գիւղաքաղաքներուն մէջ թափուր մնացած աթոռները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ընդունեց Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավար Ապտել Ռահիմ Մըրատը, որուն հետ քննարկեց Պեքաայի կարիքները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ «Նաշրա» կաքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութեան հետ իրենց կապերը առկայ են` առանց նշելու իրենց միջեւ հաղորդակցութեան մանրամասնութիւնները: Անդրադառնալով մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կեցուածքներուն` Ժեմայէլ յայտնեց, որ պատրիարքին կեցուածքները երբեք չեն համապատասխաներ քրիստոնեայ համայնքին պատմութեան:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի ներկայացուցած ծրագիրին բովանդակութեան նպատակն է մսխումը օրինականացնել:

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ նշեցին, որ լիբանանեան բանակը երէկ Մաշարիհ Քաայի մէջ գրաւեց թնդանօթներ, հրասանդեր եւ գնդացիրներ: Նոյն աղբիւրները նկատել տուին նաեւ, որ դէպի Սուրիա զէնք մաքսանենգող անհատները Իզզէտտին եւ Ռայետ ընտանիքի անդամներ են, ինչպէս նաեւ սուրիական քաղաքացիութիւն կրող անհատներ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ շեշտեց, որ անկախ քաղաքական կեցուածքներէն եւ արձանագրուող որոշ տարակարծութիւններէն, Պքերքէ կը մնայ մեզի պաշտպանող հովանին:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ Ֆրանսայի հետ գործակցութիւնը Լիբանանի համար հզօր նեցուկ մըն է` բարեփոխելու համար Լիբանանի օրէնքներն ու հաստատութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը տակաւին սուրիական վարչակարգին եւ Հըզպալլային համար կարիք մըն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ապահովական կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը Լիբանանի բարգաւաճումը կ՛ապահովեն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամներէն մէկը «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեց, որ Հըզպալլա կառչած կը մնայ Լիբանանի կառավարութեան գոյատեւման:

 

Share this Article
CATEGORIES