Վարչապետ Միքաթի Առաջնահերթութիւն Կը Նկատէ Լիբանանցիներուն Եւ Լիբանանեան Պետութեան Միջեւ Գործակցութեան Վերահաստատումը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ շեշտեց, որ առաջնահերթութիւն պէտք է ընծայել լիբանանեան պետութեան եւ քաղաքացիին միջեւ իսկական գործակցութեան վերահաստատումին` հիմնել կարենալու համար ազգային ամբողջական պատկեր մը, որուն ընդմէջէն կարելի է դիմագրաւել Լիբանանը յուզող ճակատագրական հարցերը:
Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ լիբանանեան պատերազմի հետեւանքները պատճառ դարձած են, որ լիբանանցի քաղաքացիներուն ու պետութեան միջեւ հեռաւորութիւն ստեղծուի եւ հարցերը կուտակուին ու բարդանան:
Վարչապետը այս յայտարարութիւնները կատարեց վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած քաղաքապետարաններու յատուկ խորհրդաժողովի մը ընթացքին:
Նոյն խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, որ կոչ ուղղեց քաղաքապետական ժողովրդավարական ընտրութիւններու` մաղթելով, որ Լիբանանի տարածքին բոլոր քաղաքապետական խորհուրդներն ու թաղապետերը ըլլան ամբողջական:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտթը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Վարչապետին այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի: Քննարկուեցան Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանին մէջ լիբանանեան բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտին եւ Շտապ օգնութեան ու փրկարար աշխատանքներու գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Պաշիր:
Նշենք, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին դրական գնահատեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի նախանցեալ օրուան յայտարարութիւնները` աւելցնելով, որ ինք իր կարգին դրական պիտի ըլլայ այդ կեցուածքներուն նկատմամբ: Վարչապետ Միքաթի նշեց, որ ելեկտրականութեան թղթածրարին հարցով կառավարութիւնը կազմալուծելը անհաւանական է:


