Մանսուր. «Սուրիա Պիտի Վերստանձնէ Արաբական Համագործակցութեան Զօրակցելու Իր Դերակատարութիւնը»
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ Արաբական լիկայի վեհաժողովը Պաղտատի մէջ գումարելու իրականութիւնը արդէն իսկ մեծ նուաճում մըն է, որ յոյս կը ներշնչէ եւ կը հաստատէ, որ Իրաք ինքզինք վերագտած է եւ վերադարձած է ստանձնելու իր աշխուժ դերակատարութիւնը` արաբական աշխարհին եւ արաբ ժողովուրդին ծառայութեան մէջ:
«Իրաք վերսկսած է իր աշխատանքը ի խնդիր արաբական աշխարհին ազատութեան, արդարութեան եւ մարդ անհատին արժանապատուութեան», ըսաւ ան:
Մանսուր աւելցուց, որ արաբական աշխարհը յուզող հարցերն ու մարտահրաւէրները շատ են` ընդգծելով, որ միայն արաբական համագործակցութիւնն է, որ յաջողութիւն կ՛ապահովէ արաբական աշխարհին եւ կ՛օժանդակէ անոր` լուծում գտնելու համար իր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն:
«Շատ կը փափաքէինք, որ այսօր Սուրիա նաեւ մեր մէջ ըլլար` նկատի ունենալով, որ Սուրիան Արաբական լիկան կերտող հիմնադիրներէն է», ըսաւ Մանսուր` շեշտելով, որ Սուրիա անպայման պիտի վերադառնայ արաբական ընտանիքին եւ իր դերակատարութիւնը պիտի վերստանձնէ արաբական համագործակցութեան իբրեւ ամուր թիկունք:

