Պըրրի Զօր. Քահուաժիի Հետ Քննարկեց Սահմանային Իրադարձութիւնները

Զօր. Քահուաժի եւ խորհրդարանի նախագահը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան – սուրիական սահմանամերձ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակին պարզած իրավիճակը:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին ծիրին մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ. հանդիպումէն բացակայեցան Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն անդամները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընկերային, տնտեսական եւ երկիրը յուզող այլ հարցեր:

Պըրրի նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ խորհրդարանական յանձնախումբերուն նախագահները:

Նիստէն ետք երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին շեշտուած է կառավարութեան աշխատանքի ըստ էութեան քննարկումի խորհրդարանի նիստ մը գումարելու կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ այս հանգրուանին Պըրրի պիտի չմիջամտէ կառավարութեան հարցերուն լուծման:

Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Պըրրի նշեց, որ քաղաքացիներուն շահերը եւ պետական գանձարկղին պահպանումը իրենց կատարելիք ընտրութիւններուն չափանիշերն են:

 

Share this Article
CATEGORIES