Նախագահ Սլէյման Այսօր Պիտի Մեկնի Իրաք
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այսօր պիտի մեկնի Իրաք` մասնակցելու համար Արաբական լիկայի վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Պաղտատի մէջ:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ տիրող իրադարձութիւնները, յատկապէս` Սուրիոյ զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Լիբանանի մէջ բրիտանական դեսպանատան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը նշեց, որ Ֆլեչըր նախագահ Սլէյմանին յայտնած է, թէ Լոնտոն կը դրուատէ Լիբանանի կողմէ թափուած այն ջանքերը, որոնց նպատակն է պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
«Ֆլեչըր նախագահ Սլէյմանին ըսաւ նաեւ, որ Լոնտոն մէկ միլիոն սթերլինկ յատկացուցած է Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին գործադրելով միջազգային արդարութեան նկատմամբ իր յանձնառութիւնը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Զիատ Մաժալի, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:


