Փինկ Փոնկ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Յաղթեց Ազրպէյճանի
Աշխարհի փինկ փոնկի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը երէկ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 3 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ազրպէյճանը:
Հայրենի կազմին հետ յաղթանակներ արձանագրեցին Մուրատ Աստրեան, Մեսրոպ Ղուկասեան եւ Ալեքսանտր Տիարեան:
Տորթմունտի մէջ տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան Հայաստան իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելէ ետք այժմ մեծ կարելիութիւն ստացաւ գրաւելու իր խմբակին երկրորդ դիրքը եւ անցնելու յաջորդ հանգրուան:
CATEGORIES Մարզական

