«Չեմփիընզ Լիկ». Ա. Սէ. Միլան – Պարսելոնա` 0 – 0 – Մարսէյ – Պայէրն Միւնիխ` 0 – 2

Պայէրն Միւնիխի մարզիկները կը տօնեն իրենց արձանագրած յաղթանակը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:

Ա. Սէ. Միլան, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Պարսելոնան, անոր հետ 0 – 0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց, մինչ երկրորդ մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի մէջ, աւարտեցաւ հիւր կազմին` Պայէրն Միւնիխի յաղթանակով, որ 2 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը` Մարսէյը: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Մարիօ Կոմեզ (44-րդ) եւ Արժեն Ռոպեն (70-րդ): Մրցումին իրաւարարն էր սպանացի Քարլոս Վելասքօ Քարպալօ:

Իսկ «Սան Սիրօ»ի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին իրաւարարն էր շուէտացի Եոնաս Էրիքսըն:

Նշենք, որ քառորդ աւարտականի չորս մրցումները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ 3 եւ 4 ապրիլին:

Share this Article
CATEGORIES