ՌՈՒՄԻԷԻ ԲԱՆՏԻ ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐՍՏԻՆ ԲՌՆԿԵՑԱՒ
Ռումիէի բանտին մէջ երէկ յետմիջօրէին բանտարկեալներու ըմբոստութիւնը վերստին բռնկեցաւ, երբ ներքին ապահովութեան ուժերուն մաս կազմող բանտապահներէն մէկը վերադարձաւ իր նախկին պաշտօնը ստանձնելու:
Ռումիէի բանտարկեալներուն հիմնական պահանջներէն մէկն էր այդ պատասխանատուն հեռացնել Ռումիէի բանտէն, սակայն անոր վերադարձով, բանտին մէջ քաոսային վիճակը վերահաստատուեցաւ:
Ներքին ապահովութեան ուժերը փորձեցին հակակշիռի տակ առնել կացութիւնը, սակայն արգելափակեալները շարունակեցին իրենց ըմբոստութիւնը եւ ածելիներով իրենք զիրենք վիրաւորեցին:
Միւս կողմէ, բանտարկեալներուն հարազատները բողոքի ցոյց մը կատարեցին օդակայանի ճամբուն վրայ եւ անիւներ հրկիզեցին` բողոքելու համար արգելափակեալներուն նկատմամբ ցուցաբերուած անմարդկային վարուելակերպին, ինչպէս նաեւ արձանագրուած խտրականութեան դէմ:
Բողոքի ցոյցեր արձանագրուեցան նաեւ Պըտտաուիի եւ Պաալպեքի մէջ: