ԱՊԻՃԱՆԻ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ

Նախարար Շամի եւ դեսպան Փիեթոն

Հրաժարեալ կառավարութեան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Ամիէն իմացաւ, թէ 85 լիբանանցիներ Ապիճանէն ֆրանսական օդանաւերով ուղղուած են Սենեկալ եւ Թոկօ:

Նոյն աղբիւրները նախարարութիւնը տեղեակ պահեցին, որ երկու լիբանանցիներ թեթեւօրէն վիրաւորուած են, սակայն բուժուած ու վերադարձած են տուն:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց լիբանանցի քաղաքացիներէն Մոհամետ Պասմայի սպանութեան լուրը:

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Ալի Շամի Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանցի քաղաքացիները Ապիճանէն հեռացնելու կարելիութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Փիեթոն յայտնեց, որ Ապիճանի մէջ ապրող ֆրանսացիներուն փոխադրութիւնը ակամայ կերպով չի կատարուիր ֆրանսական ուժերուն կողմէ. ան աւելցուց, որ իրենք կը փոխադրեն այն քաղաքացիները, որոնք կը փափաքին լքել Ապիճանը` հոն ստեղծուած կացութեան պատճառով:

Փիեթոն նշեց, որ Ապիճանի մէջ կ՛ապրին 12 հազար ֆրանսացիներ, որոնց թիւը ներկայիս 3 հազարով նուազած է, «մինչդեռ լիբանանցի քաղաքացիներուն թիւը կը տարուբերի 70-էն 80 հազարի միջեւ եւ անոնք կը գտնուին Ապիճանի տարբեր շրջաններուն մէջ», ըսաւ ան:

Ան աւելցուց, որ Շամի շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի` Ապիճանի մէջ լիբանանցիները պաշտպանելու անոր ջանքերուն եւ ֆրանսական ուժերուն մատուցած օժանդակութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ ներկայացուց այն միջոցառումները, որոնք պիտի որդեգրուին «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան ճամբով փրկելու լիբանանցիները:

Փիեթոն խորհուրդ տուաւ Ապիճանի բնակիչներուն` մնալու իրենց բնակարաններուն մէջ եւ սպասելու կացութեան հանդարտելուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES