ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը` ընկերակցութեամբ մարոնի պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդներ Ռոլան Ապու Ժաուտէ եւ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսներուն, ինչպէս նաեւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին, երէկ կատարեց փրոթոքոլային այցելութիւններ, որոնց ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանցի հոգեւոր եւ իշխանութեան պետերուն` իր գահակալութեան արարողութեան անոնց ներկայ գտնուելուն առիթով:

ՊԸՐՐԻԻ ՄՕՏ

Խորհրդարանի նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին

Ռայի պատրիարքը առաւօտեան ժամը 10:30-ին ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր պաշտօնապէս ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:

Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց Պըրրիին` իր գահակալութեան պաշտօնական արարողութեան անոր մասնակցութեան առիթով, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ այդ այցելութիւնը ըլլայ լիբանանցիին շահերը իրականացնելու եւ երկրին վիճակը բարելաւելու նպատակով եկեղեցւոյ եւ պետութեան գործակցութեան առաջին քայլը:

Ռայի պատրիարքը յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը շուտով  կազմուի, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել երկրին դիմագրաւած հարցերը:

Իր կարգին, Պըրրի յայտնեց, որ իրեն համար պատիւ է Մեծ պահքի շրջանին ընդունիլ մարոնի պատրիարքը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Բ. իշխանութեան նստավայրը առաջին անգամն է, որ բախտը կ՛ունենայ հիւրընկալելու հովուապետական նման այցելութիւն մը:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ գործակցելու` իրականացնելու համար բոլոր լիբանանցիներուն շահերը:

ՏԱՐ ԷԼ ՖԱԹՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հանրապետութեան միւֆթիին հետ` մամլոյ ասուլիսի ընթացքին

Տար Էլ Ֆաթուայի մէջ Ռայի պատրիարքը ընդունուեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի կողմէ:

 

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շարք մը հոգեւոր հարցեր:

Միւֆթի Քապպանի կոչ ուղղեց Պքերքէի մէջ գումարելու հոգեւոր պետերու վեհաժողով մը` Ռայի պատրիարքին ընտրութեան առիթով:

Իր կարգին, Ռայի պատրիարք գնահատեց միւֆթի Քապպանիի այդ առաջարկը` ընդգծելով, որ այդ վեհաժողովը պիտի ըլլայ

Լիբանանի ազգային կեանքին սկիզբը եւ անոր սկզբունքները պիտի լուսաւորեն քաղաքական ղեկավարներուն մտքերը:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՇԷՅԽ ՔԱՊԱԼԱՆԻ

Մարոնի համայնքի պատրիարքը այցելեց նաեւ շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի, որ սիրալիր ու ջերմ ընդունելութիւն ցուցաբերեց պատրիարքին եւ անոր ընկերակցող եպիսկոպոսներուն նկատմամբ:

Շէյխ Քապալան զանոնք որակեց սիրոյ, բարիքի եւ գործակցութեան ներկայացուցիչները` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է հետեւիլ Յիսուս Քրիստոսի եւ Մոհամետ մարգարէի քայլերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը փրկել իր ներկայ կացութենէն:

Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ պէտք է յաւելեալ ջանքերով եւ աւելի մեծ թափով գործել` իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան յանձնախումբին ծիրին մէջ:

Ռայի պատրիարքը նկատել տուաւ, որ պատգամի երկիր նկատուող Լիբանանի մէջ իսլամը եւ քրիստոնեան պէտք է ամբողջացնեն զիրար, որովհետեւ անոնք կը բաժնեկցին նոյն ճակատագիրը, մշակոյթը եւ պատգամի երկրի մը մէջ ապրելու արժանիքը:

ՏԻՒՐԶԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԸ
Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Տիւրզի համայնքի կեդրոնատեղիին մէջ

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան համայնքի Վերտանի կեդրոնին մէջ ընդունեց Ռայի պատրիարքը` ներկայութեամբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, նախարարներ Աքրամ Շեհայէպի ու Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ երեսփոխան Մարուան Համատէի:

 

Հանդիպումին ընթացքին շէյխ Նայիմ Հասան ընդգծեց Լիբանանի մէջ երկխօսութեան կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ Լիբանան դիմագրաւած է մեծ տագնապներ, սակայն միշտ ամրապնդած է համերաշխութիւնը:

Ռայի պատրիարքը իր կարգին յայտնեց, որ լիբանանցիները պատմական եւ հին անցեալ ունին` աւելցնելով, որ լիբանանցիները խորհրդակցութեան խիստ կարիքը ունին:

ՀԱՐԻՐԻԻ ՄՕՏ

Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ հրաժարեալ կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ուր քննարկեց ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ իր այցելութիւնը փոխադարձ գործակցութեան եւ խորհրդակցութիւնները առկայ պահելու սկիզբը կը նկատուի. ան ընդգծեց Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն բարօրութեան համար գործելու անհրաժեշտութիւնը:

Իր կարգին, Հարիրի յայտնեց, որ ներքին լիբանանեան խորհրդակցութիւններն ու երկխօսութիւնը պէտք է ծառայեն Լիբանանի շահերուն: Ան շեշտեց, որ իրենք մնայուն կերպով պիտի գործեն իբրեւ ազգային համերաշխութեան ջատագովները:

ՆՇԱՆԱԿԵԱԼ ՎԱՐՉԱՊԵՏ
ՆԵԺԻՊ ՄԻՔԱԹԻԻ ՄՕՏ

Իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքապետերը` վարչապետ Միքաթիի մօտ

Նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ռայի պատրիարքը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Միքաթիի բնակարանին մէջ տեղի ունեցած այս հանդիպումը սակայն վերածուեցաւ ազգային հոգեւոր հանդիպումի մը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:

Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը բարձր գնահատեց Միքաթիի համբերութիւնը եւ երկրին սահմանադրութեան ներքեւ անոր տարած աշխատանքը` ի խնդիր Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան:

Միքաթի շեշտեց Լիբանանի մէջ հոգեւոր պետերուն դերակատարութեան եւ առաքելութեան կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ այդ դերակատարութիւնը կը նպաստէ միջլիբանանեան գործակցութեան` Լիբանանի փրկութեան նպատակով, ինչպէս նաեւ կ՛օժանդակէ ներքին լիբանանեան կայունութեան:

Միքաթի հաստատեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` շարունակելու իր ճիգերը, որպէսզի կազմէ Լիբանանի դէմ ծառացող դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները դիմակալող կառավարութիւն մը:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ հանդիպումին ներկայ համայնքապետերուն:

 

Share this Article
CATEGORIES