Շուէտի Պաշտպանութեան Նախարարը Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Զէնքի Գործարանի Պատճառով Հրաժարած Է
«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Շուէտի պաշտպանութեան նախարար Սթեն Թոլկֆորս իր հրաժարականը տուած է վերջերս ծագած այն գայթակղութեան համար, թէ իշխանութիւնը ծրագրած էր Սէուտական Արաբիոյ մէջ զէնքի արտադրութեան գործարան հիմնել:
«Նախարարը հրաժարած է իր փափաքով», ըսած է կառավարութեան մամլոյ քարտուղար Ռոպըրթ Ալենիուս:
Գայթակղութիւնը յառաջացած էր, երբ շուէտական լրատուամիջոցները բացայայտած էին, որ շուէտական պաշտպանութեան նախարարութիւնը գաղտնի բանակցութիւններ կը վարէ Սէուտական Արաբիոյ հետ` հակահրթիռային միջոցներու վերանորոգման եւ զարգացման համար գործարան կառուցելու հարցին շուրջ:
Հակառակ անոր որ Շուէտի մէջ Սէուտական Արաբիոյ հետ սպառազինութեան առեւտուրը արգիլուած չէ, սակայն տեղւոյն դէտերը ենթադրած են, որ նախարարութիւնը կը փորձէ խուսափիլ այդ հարցին հասարակական քննարկումէն:


