Էրտողան Եւ Ահմատինեժատ Կը Քննարկեն Սուրիոյ Եւ Իրանի Հիւլէական Թղթածրարին Հարցերը

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Իրան կատարած իր երկօրեայ այցելութեան երկրորդ օրուան ընթացքին երէկ 1.5 ժամ տեւողութեամբ դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ: Հանդիպումը տեղի պիտի ունենար չորեքշաբթի երեկոյեան, սակայն յետաձգուած էր, երբ Ահմատինեժատ անհանգստացած էր:

Այդ հանդիպումէն առաջ Էրտողան յայտնեց, որ Իրանի եւ «5+1»-ի(Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Ֆրանսա, Բրիտանիա, Չինաստան+Գերմանիա) միջեւ բանակցութեան վայրը տակաւին չէ ճշդուած: Ան ըսաւ, որ Իրան կը զօրակցի բանակցութիւնը Պոլսոյ մէջ կատարելու գաղափարին, սակայն «5+1» խմբակը կ՛ուզէ զայն կատարել եւրոպական քաղաքի մը մէջ:

ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի հետ հանդիպումին ընթացքին Էրտողան յայտնած է, որ Թուրքիա եւ Իրան պէտք չէ որոշ ուժերու թոյլ տան վնաս հասցնել երկու երկիրներու եղբայրական բարեկամութեան: Էրտողան հանդիպումէն ետք նշած է, որ Թուրքիա եւ Իրան քննարկած են Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տիրող իրավիճակը: «Մենք համաձայնեցանք շրջանային խնդիրներու լուծման համար սերտօրէն համագործակցիլը», ըսած է ան:

Լարիճանի իր կարգին ընդգծած է երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը: Ան նշած է, որ Իրան եւ Թուրքիա, շնորհիւ սերտ համագործակցութեան, կրնան շրջանին մէջ բազմաթիւ խնդիրներ լուծել: «Անհրաժեշտ է օգտուիլ մեր երկիրներու տնտեսական եւ առեւտրական կարողականութենէն` թուրք-իրանեան յարաբերութիւնները զարգացնելու համար», ըսած է Իրանի խորհրդարանի նախագահը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES