Պաղտատի Վեհաժողովը Կոչ Կ՛Ուղղէ Սուրիոյ Տագնապի Քաղաքական Լուծումի Մը Եւ Կը Զօրակցի Անանի Ծրագիրին
Երէկ Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի Կանաչ շրջանին մէջ, ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ, Իրաքի նախկին ղեկավար Սատտամ Հուսէյնի մէկ դղեակին մէջ տեղի ունեցաւ Արաբական 23-րդ վեհաժողովը` մասնակցութեամբ արաբ շարք մը ղեկավարներու, ինչպէս` Քուէյթի իշխանը, որ 1990-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Իրաք կ՛այցելէր, Սուտանի նախագահ Օմար Պաշիր, Լիբանանի նախագահ Միշել Սլէյման, Թունուզի, Սոմալի, Քոմորեան կղզիներու, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահները, Յորդանանի վարչապետը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի: Նշենք, որ հակառակ որդեգրուած ապահովական միջոցառումներուն եւ կրակմարի դրութեան, վեհաժողովին ընթացք առնելէն անմիջապէս ետք երեք հրթիռներ հարուածեցին Պաղտատի Կանաչ շրջանի մերձակայքը: Հրթիռներէն մէկը ինկաւ իրանեան դեսպանատան մօտ:
Քաթարի վարչապետ շէյխ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր մէկ օր առաջ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, որ Պաղտատի վեհաժողովին Քաթարի ցած մակարդակով մասնակցութիւնը իրաքեան կառավարութեան ուղղուած պատգամ մըն է, թէ Տոհա դժգոհ է իրաքեան ընկերութեան կարգ մը բաղադրիչ մասերու, ներառեալ` սիւննիներու լուսանցքայնացումէն: Իսկ Սէուտական Արաբիա վեհաժողովին մասնակցեցաւ Արաբական լիկային մօտ իր դեսպանին մակարդակով:
Վեհաժողովի աւարտին Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի եւ Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուցին վեհաժողովի աւարտի հաղորդագրութիւնը, որ Սուրիոյ հարցով կոչ կ՛ուղղէ սուրիական տագնապին քաղաքական լուծում գտնելու, սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւն կատարելու եւ բռնարարքները անմիջապէս դադրեցնելու: Վեհաժողովը նաեւ զօրակցութիւն կը յայտնէ Անանի ծրագիրին:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Արապի ըսաւ, որ Սուրիոյ թղթածրարը քանի մը օրէն դարձեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին պիտի ներկայացուի:
Քի Մուն իր կարգին ելոյթ ունեցաւ եւ խօսքը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ուղղելով եւ սուրիական կառավարութեան կողմէ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրի ընդունման ակնարկելով յայտնեց, որ աշխարհը կը սպասէ, որ Ասատ իր յանձնառութիւնները գործերու վերածէ:
Նեպիլ Արապի իր կարգին յայտնեց, որ սուրիական տագնապին համար թափուած արաբական եւ միջազգային ջանքերը տակաւին իրենց նպատակին չեն հասած, իսկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Անանի ծրագիրին շուրջ միաձայնութիւնը դրական քայլ է:
Հետաքրքրական երեւոյթով մը Արաբական վեհաժողովի նիստին նախագահը Իրաքի նախագահ Ժալալ Թալապանին էր, որ քիւրտ մըն է: Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ տագնապին առանց արտաքին միջամտութեան խաղաղ լուծում մը գտնելու եւ նշեց, որ «վեհաժողովէն Սուրիոյ բացակայութիւնը սուրիական հարցին նկատմամբ մեր հետաքրքրութիւնը չի նուազեցներ»:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Նիւ Տելհիի մէջ ՊՌԻՔՍ երկիրներու (Պրազիլ, Ռուսիա, Հնդկաստան, Չինաստան եւ Հարաւային Ափրիկէ) ղեկավարներու վեհաժողովին ուղղած իր ուղերձին մէջ յայտնեց, որ Սուրիա ընդառաջեց Անանի առաքելութեան եւ անոր յաջողութեան համար ջանք պիտի չխնայէ, սակայն ընդգծեց, որ «Անանի առաքելութեան յաջողութեան նկատմամբ մեր յանձնառութեան դիմաց, պէտք է զինեալ խմբաւորումներու ահաբեկչական արարքները դադրեցնել»:
Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ ՊՌԻՔՍ-ի վեհաժողովի բացման նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ «կը մերժենք զինուորական միջամտութիւնն ու երկիրներու գերիշխանութեան խզումը եւ կը ջանանք արգելք հանդիսանալ, որ Ապահովութեան խորհուրդը օգտագործուի ճնշում բանեցնելու այն երկիրներուն վրայ, որոնց քաղաքականութիւնը չի համընկնիր կարգ մը երկիրներու քաղաքականութեան հետ»: Նշենք, որ ՊՌԻՔՍ երկիրները յայտնեցին, որ երկխօսութիւնը Սուրիոյ տագնապի լուծման միակ միջոցն է:

