Ժոմպլաթ. «Որոշած Եմ Սուրիական Վարչակարգին Հետ Յարաբերութիւնս Բոլորովին Խզել»

Փլամպլի եւ Ժոմպլաթ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք որոշած է սուրիական վարչակարգին հետ իր բոլոր յարաբերութիւնները խզել:

«Կը նախընտրեմ կեանքս աւարտել սուրիական վարչակարգին հետ գժտութեամբ եւ այդ կեցուածքով ես հանգիստ կը զգամ: Գիտեմ, որ այդ ձեւով քաղաքականութեան մէջ կրնամ տուժել, սակայն ես ինքզինքս շահած կ՛ըլլամ», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ նշեց, որ ինք ամէնօրեայ դրութեամբ կը խորհրդակցի Հըզպալլայի հետ եւ համաձայն է անոր զէնքին գոյութեան, մինչեւ որ օր մը կարելի ըլլայ անոր շուրջ լիբանանեան ներքին համախոհութիւն մը գոյացնել:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպումի մը հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ նման հանդիպումի մը գինը քաղաքական է, եւ ինք պատրաստ չէ նման գին մը վճարելու, որովհետեւ կը փափաքի մաս կազմել կառավարութեան:

Նշենք, որ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES