Ռայի Պատրիարքը Պաշտօնական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Թուրքիա
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ընդառաջելով թրքական պետութեան հրաւէրին, մեկնեցաւ Թուրքիա` ընկերակցութեամբ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոսին, մարոնի համայնքի Հալէպի առաջնորդ Եուսեֆ Անիս Ապի Աքըլ եպիսկոպոսին եւ մարոնի համայնքի Կիպրոսի առաջնորդ Եուսեֆ Սուէյֆ եպիսկոպոսին:
Ռայի պատրիարքին ճամբելու նպատակով Պէյրութի միջազգային օդակայան ժամանեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ, նախարար Ֆատի Ապպուտ, Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն, մարոնի առաջնորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս եւ Էլիաս Սֆէյր:
Նախքան իր մեկնումը, Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Ապպուտի, որ զինք ճամբելու եկած էր, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ պետութեան` զինք հրաւիրելուն առիթով:
«Թուրքիա այս այցելութեան նպատակն է ընդառաջել պաշտօնական հրաւէրին, ինչպէս նաեւ ունի հովուապետական եւ հոգեւոր բնոյթ, որուն պահպանումին համար մենք ամէն ջանք ի գործ կը դնենք», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Ան նշեց նաեւ, որ ինք ուրախ է Թուրքիա այցելութեամբ` նկատի ունենալով Լիբանանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ գետնի վրայ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող թրքական զօրամասը:
«Կան շարք մը հարցեր, զորս պէտք է քննարկել թրքական կողմին հետ: Այդ հարցերէն կը նկատուին Թուրքիոյ մէջ մարոնի համայնքին իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կողմէ հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւուած հատուածին մէջ բնակող մարոնիներու հարցը», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը կարեւոր նկատեց Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ կատարուելիք երկխօսութիւնը` նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը մեծ է կրօններու միջեւ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան հաստատումին զօրակցելու առումով: Ան շեշտեց, որ իր այցելութիւնը քաղաքական բնոյթ չունի:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը դրուատեց Լիբանանի կառավարութեան տուած որոշումը` աւելցնելով, որ երկրին տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու իւրաքանչիւր որոշում ողջունելի է:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց ամրապնդելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:
Ռայի պատրիարքը երեկոյեան Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի հետ:

