Պըրրի Ընդունեց Իրանցի Պետական Պաշտօնատար Ապտել Լահիանը

Ապատի, Լահիան եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց արաբական եւ ափրիկեան հարցերու Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտել Լահիանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի:

Հանդիպումէն ետք Լահիան յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ հանդիպումը ընթացած է դրական մթնոլորտի մէջ:

Ան նշեց, որ քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները խորհրդարանական մակարդակի վրայ: Լահիան շեշտեց, որ Պըրրիին փոխանցած է Իրանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալի Լարիժանիի ողջոյնները:

«Թեհրան կը զօրակցի լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւններուն ամրապնդումին, ինչպէս նաեւ կը մնայ յանձնառու երկկողմանի համաձայնագիրներուն գործադրութեան», ըսաւ Ապտել Լահիան:

Անդրադառնալով Սուրիոյ իրադարձութիւններուն` Ապտել Լահիան յայտնեց, որ հակառակ Դամասկոսի վրայ բանեցուող արտաքին ճնշումներուն եւ միջամտութիւններուն, Սուրիոյ կացութիւնը հետզհետէ կը բարելաւուի: Ան աւելցուց, որ շրջանային թղթածրարները լուծելու առումով Իրան երկու չափ երկու կշիռի մօտեցումին դէմ է:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆօ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES