Վարչապետ Միքաթի Կ՛Ընդգծէ Արաբական Երկիրներուն Մէջ Շինիչ Երկխօսութիւն Կատարելու Կարեւորութիւնը

Վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ շեշտեց, որ արաբ ազգը, որ կրցած է դարձեալ ոտքի կանգնիլ, կրնայ նաեւ ընտելանալ շրջանին մէջ տիրող նոր իրավիճակին, պայմանաւ որ ան կարենայ արագ եւ ճիշդ մեկնաբանել իրերայաջորդ զարգացումները:

Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ ներկայ հանգրուանը դժուար ընտրութիւններ կատարելու հանգրուանն է եւ պէտք է ճիշդ մեկնաբանել իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Միքաթի այս կեցուածքները արտայայտեց «Մոնրօ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցող լիբանանեան բանակի Ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնին կազմակերպած շրջանային Բ. խորհրդաժողովին:

Ան հաստատեց, որ շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ արաբական աշխարհին մէջ փոփոխութիւնները առանց արիւնահեղութեան արձանագրուէին:

«Պէտք է տագնապներ վկայած արաբական բոլոր երկիրներուն մէջ որդեգրել խաղաղ եւ հանդարտ ու շինիչ երկխօսութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ համախոհական քայլերու դիմել», ըսաւ վարչապետ Միքաթի:

Վարչապետը հաստատեց, որ բարեկարգումները ճշդուած ժամկէտին ընթացքին կատարելու յանձնառութիւնը առիթ պիտի տայ փոփոխութիւններու յաջողութեան եւ գործադրութեան:

Վարչապետարանին մէջ Միքաթի ընդունեց արաբական եւ ափրիկեան հարցերու Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտել Լահիանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի:

Հանդիպումէն ետք Ապտել Լահիան յայտնեց, որ Իրան Դիմադրութեան կը զօրակցի Իսրայէլի եւ շրջանին մէջ անոր ախորժակներուն դէմ:

Ապտել Լահիան ըսաւ, որ Սուրիոյ տագնապը կ՛ուղղուի դէպի լուծում` աւելցնելով, որ Դամասկոս այդ տագնապէն յաղթական դուրս պիտի գայ, հակառակ շարունակուող ահաբեկչական արարքներուն:

Ապտել Լահիան հաստատեց նաեւ լիբանանեան-իրանեան գործակցութեան համաձայնագիրներուն գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:

ՆՇԵՆՔ, որ վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Թուրքիոյ փոխադրութեան հարցերու նախարար Պինալի Եըլտըրըմը, որուն հետ քննարկեց փոխադրութեան մարզի շրջագիծին մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES