Իրաքի Մէջ. «Կը Մաղթենք, Որ Սուրիոյ Տագնապին Քաղաքական Համախոհական Լուծում Մը Գտնուի» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյմանը` Արաբական Լիկայի վեհաժողովին ընթացքին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ առաջ ուղղուեցաւ Իրաք` մասնակցելու համար Արաբական լիկայի վեհաժողովին:

Նախագահ Սլէյման Պաղտատի մէջ դիմաւորուեցաւ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի կողմէ:

Վեհաժողովին ընթացքին նախագահ Սլէյման արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ շեշտեց, որ արաբական աշխարհին մէջ ստեղծուած ներկայ փոթորիկը պէտք է դիմակայել ազգային միտքն ու  դիմագիծը պահպանելու յանձնառութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ նաեւ պահպանել շրջանին բազմազանութեան միասնականութիւնը:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ բազմազանութիւնը հարստութիւն է եւ ոչ անպայման բաժանում:

Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին` նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան որոշած է ինքզինք զանց կացուցել այդ տագնապէն` պահպանելու համար իր ապահովական կայունութիւնը:

Ան մաղթեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման համար ի գործ դրուող բոլոր ջանքերը արդիւնաւորուին քաղաքական համախոհական լուծումով` առիթ տալով կասեցնելու Սուրիոյ մէջ արձանագրուող բռնարարքները:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին շրջագիծին մէջ պէտք չէ անտեսել պաղեստինեան հարցը: «Կազայի դէմ գործուած իսրայէլեան յարձակումներուն գծով աշխարհին կեցուածքը ի՞նչ է», հարց տուաւ նախագահ Սլէյման:

Ան կոչ ուղղեց ամբողջական լուծում մը գտնելու արաբեւիսրայէլեան տագնապին:

Նշենք, որ վեհաժողովի շրջագիծին մէջ, նախագահ Սլէյման հանդիպումներ ունեցաւ Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի նախագահ Մուսթաֆա Ապտել Ժալիլի, Սուտանի նախագահ Օմար Պաշիրի, Թունուզի նախագահ Մունսեֆ Մարզուքիի, Յորդանանի վարչապետ Աուն Խասաուինայի եւ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Խալետ պըն Ահմետ Ալ Խալիֆայի հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES