«Հայ-Ամերիկեան Զինուորական Համագործակցութիւնը Պիտի Ընդլայնի» Կ՛Ըսէ Սէյրան Օհանեան

Օհանեան եւ Փանեթա` Փենթակոնի մէջ

Անդրադառնալով վերջերս Միացեալ Նահանգներ կատարած իր աշխատանքային այցելութեան արդիւնքներուն` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ հայ-ամերիկեան զինուորական համագործակցութիւնը յառաջիկային պիտի ընդլայնի:

Նախարարը նշեց, որ հայ-ամերիկեան զինուորական համագործակցութիւնը այսօր բնականոն ընթացքի մէջ է եւ կարելի է ըսել նաեւ, որ կատարելագործման հանգրուանին մէջ է եւ տարուէ տարի կ՛ընդլայնի` յատկապէս աջակցութիւնը բարեփոխումներու իրականացման, փորձագիտական աջակցութիւնը բոլոր խնդիրներուն մէջ: «Մենք ընդլայնում կ՛իրականացնենք գործող ծրագիրներու ծիրին մէջ», յայտնեց նախարարը:

Նշենք, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Միացեալ Նահանգներ այցելեց անցեալ շաբաթ: Այցելութեան ծիրին մէջ Օհանեան հանդիպումներ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն  Փանեթայի, Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան տնօրէն Տէյվիթ Փեթրէուսի, պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Ճոզեֆ ՄըքՄիլանի, արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի տեղակալներ Ֆիլիփ Կորտընի եւ Էնտրու Շափիրոյի հետ:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարին հետ հանդիպման ժամանակ քննարկուեցան պաշտպանութեան ծիրին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան եւ շրջանային ապահովութեան առնչուող հարցեր: Լէոն Փանեթա ողջունեց պաշտպանութեան մարզին մէջ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումները եւ հաստատեց այս ուղղութեամբ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան աջակցելու Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Քոսովոյի եւ Աֆղանիստանի մէջ ՕԹԱՆ-ի կողմէ ղեկավարուող առաքելութիւններուն Հայաստանի նշանակալի աջակցութեան համար:

Նշենք նաեւ, որ նախարար Օհանեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Քանսասի նահանգապետ Սեմ Պրաունպեքի, Քանսասի Ազգային պահակագունդի հրամանատար զօր. Լի Թաֆանելիի հետ:

Share this Article
CATEGORIES