ՀՅԴ .«Շատ Կարեւոր Է Արցախի Եւ Հայաստանի Միջեւ Միջպետական Համաձայնագիրի Կնքումը»
Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի երէկուան նիստին ընթացքին ՀՅ Դաշնակցութեան խմբակցութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, զոր ներկայացուց խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը թեւակոխած է նոր հանգրուան եւ այդ խորապատկերին մէջ Ազրպէյճանի նախագահի շարունակուող յարձակողական կեցուածքը, մասնաւորաբար` համայն հայութիւնը իբրեւ Ազրպէյճանի թշնամի դիտելը, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի ՀՅ Դաշնակցութիւն խմբակցութիւնը կը հաւատայ, որ շատ կարեւոր է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ միջպետական համաձայնագիրի կնքումը:
ՀՅԴ խմբակցութիւնը յայտարարութեան մէջ ընդգծեց, որ անով նախ աւելի պիտի երաշխաւորուի արցախահայութեան ապահովութիւնը, երկրորդ` նոր մակարդակի պիտի հասնին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի տէ ժիւրէ միջպետական յարաբերութիւնները, եւ երրորդ` ատիկա լուրջ խթան պիտի հանդիսանայ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հոլովոյթին համար:

