«Այսօր Պետական Մակարդակով Թրքական Հակահայ Քայլարշաւին Պատասխանելու Խնդիր Կայ» Կ՛Ըսէ Հրաչ Վարժապետեան

Մուրատ Փափազեան եւ Հրաչ Վարժապետեան

Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան երէկ Երեւանի «Ուրբաթ» ակումբին մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ ֆրանսական լրատուամիջոցներու հաղորդումով` Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի տապալման համար անցնող մէկ տարուան ընթացքին Թուրքիա ծախսած է 100 միլիոն տոլար:

Ըստ անոր, Ֆրանսայի մէջ այսօր գոյութիւն ունի յստակ թրքական վտանգ, եւ հայ համայնքի ապահովութեան հարցը խնդրոյ առարկայ է:

«Մենք լաւ կը ճանչնանք թուրքը, այն իմաստով, որ անոր մօտ ոչինչ փոխուած է: «Թալէաթ փաշա» կազմակերպութեան Փարիզի մէջ տեղի ունեցած 25 հազարնոց ցոյցը ֆրանսական պետութեան եկաւ ապացուցելու, որ մեր տարիներու ըսածները ճիշդ էին` թուրքը նոյն փողոցայինն է, առանց  քաղաքակիրթ կեցուածքի, եւ ազգայնական ոճով կը շարունակէ ներկայանալ յստակ հակահայ մոլուցքով», ըսաւ Հ. Վարժապետեան:

Ան նշեց, որ ֆրանսացի ժողովուրդին 80 առ հարիւրը կը համակրի հայերուն, բայց այսօր Ֆրանսան բաժնուած է երկու մասի` հայամէտ եւ թրքամէտ. հայամէտները համոզուած մարդիկ են, բարոյական տրամաբանութեան մօտեցումներով, իսկ թրքամէտները հիմնականին մէջ կաշառուած են եւ կը հակասեն Ֆրանսայի դիմագիծին:

Հայ դատի գրասենեակի տնօրէնը նշեց, որ այսօր պետական մակարդակով թրքական հակահայ քարոզարշաւին պատասխանելու, անոր վերջ տալու խնդիր կայ, այլապէս հայերը ոչ նախանձելի իրավիճակի մէջ պիտի յայտնուին:

«Թրքական պետութեան այս քայլերուն դէմ մենք համապատասխան քայլեր կ՛ակնկալենք հայութեան կողմէ, որովհետեւ թրքական պետութիւնը իր ամբողջ ուժով լծուած է հայկական սփիւռքը եւ յատկապէս Ֆրանսայի հայ համայնքը քաղաքականապէս ոչնչացնելու գործին», նշեց Հ. Վարժապետեան:

Ըստ անոր, օրինագիծի ոդիսականը ցոյց տուաւ, որ բարոյական յաղթանակը հայերունն է, սակայն Սահմանադրական խորհուրդը տուրք տուաւ կաշառակերութեան եւ թրքամէտ տրամադրութիւններուն:

«Մենք չենք վարեր  Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան համարժէք հակաթուրք քաղաքականութիւն, եւ այն տխրահռչակ արձանագրութիւնները, որոնք կան, եւ որոնցմէ Հայաստանը իր ստորագրութիւնը յետս չէ կոչած, կը  հարուածեն Հայաստանի շահերուն», նշեց Հայ դատի գրասենեակի տնօրէնը` աւելցնելով, որ հայկական քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ նկատմամբ շատ աւելի յարձակողական եւ շեշտադրուած պէտք է ըլլայ, մանաւանդ որ մենք պահանջատէր ենք, ոչ թէ` իրաւազրկուած:

Վարժապետեան շեշտեց, որ Թուրքիա` յափշտակողը, ցեղասպանը, անամօթաբար յարձակողական քաղաքականութիւն կը տանի, իսկ հայութիւնը ինքզինք կրաւորական կը պահէ:

Ան աւելցուց, որ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակը միշտ դէմ եղած է, որ Թուրքիա միջամտէ Ֆրանսայի ներքին քաղաքական կեանքին: «Ատիկա Ֆրանսայի ներքին խնդիրն է, եւ մեզի համար անընդունելի է թրքական պետութեան միջամտութիւնը այդ ներքին խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հարցերուն», աւելցուց ան:

Իր կարգին, Մուրատ Փափազեան յայտնեց, որ ֆրանսահայ հայ համայնքը այսօր շատ համախմբուած է, բայց հայ գործիչներու առումով վտանգ կայ թրքական կողմէ: «Եւ  եթէ պետական մակարդակով թրքական քարոզչութեան դէմ չկենանք, շուտով պիտի հանդիպինք շատ անցանկալի իրավիճակի, որուն ապացոյցը արդէն տեսանք», նշեց ան:

Ըստ Մուրատ Փափազեանի, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումէն ետք խոստացած էր օրինագիծը ստորագրել 8 փետրուարին, սակայն չկատարեց խոստումը եւ 9 փետրուարին թուրքերը յաջողեցան հաւաքել խորհրդականներու անհրաժեշտ ձայները` օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդի քննարկման դնելու համար, վերջինս հակասահմանադրական ճանչցաւ օրինագիծը:

Share this Article
CATEGORIES