Կռփամարտ. Հայաստանի Հաւաքականը` Աբովեանի Մէջ

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ազգային ողիմպիականի պաշտօնական կայքէջէն` Armsport.am կը հաղորդէ, որ Հայաստանի կռփամարտի ազգային հաւաքականը` գլխաւորութեամբ գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեանի, այժմ կը գտնուի Աբովեանի համալիրի մարզադպրոցին մէջ, ուր բանակում կը կատարէ:

Հաւաքականը 13 ապրիլին օթոպիւսով պիտի մեկնի Թիֆլիս, ուրկէ օդանաւով պիտի մեկնի Տրապիզոն: 2012-ի Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերուն տոմս ապահովելու համար հայրենի կռփամարտիկները Թուրքիոյ մէջ սուր պայքար պիտի մղեն եւրոպական երկիրներու ներկայացուցիչներուն դէմ:

Հետաքրքրականը այն է, որ տարբեր տեսակի դասակարգերուն, քանի մը տոմսեր պիտի յատկացուին:

49 եւ 60 քկ. դասակարգին մէջ, առաջին չորս դիրքերը գրաւողները իրաւունք պիտի ունենան Լոնտոն մեկնելու: Այստեղ, Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Կորիւն Սողոմոնեան եւ Վլատիմիր Սարուխանեան:

52, 56 եւ 81 քկ դասակարգերուն մէջ (առաջին երեք դիրքերը տոմս պիտի ստանան), յաջորդաբար Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Յովհաննէս Դանիէլեան, Արամ  Աւագեան եւ Արթուր Խաչատրեան: 69 քկ դասակարգին մէջ (երկու տոմս) Հայաստանի ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ Հրայր Մաթէոսեան:

64 քկ եւ գերծանր դասակարգին մէջ մասնակցողներուն անունները պիտի յստականան աւելի ուշ:

75 եւ 91 քկ դասակարգերուն մէջ մարզիկներ նկատի չեն առնուած: Առաջինին պարագային, Անդրանիկ Յակոբեան արդէն իսկ ապահոված է իր տոմսը, մինչ երկրորդին պարագային Հայաստան լաւ պատրաստուած կռամարտիկ չունի:

 

Share this Article
CATEGORIES