Ճատրակ. Աշխարհի Ախոյեանին Անունը Վճռող Մրցաշարքը Յետաձգուեցաւ Մարտ 2013-Ին
PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ՖԻՏԷ-ն ներկայացուց ճատրակի կարեւորագոյն մրցաշարքերուն ժամանակացոյցը` մինչեւ 2016 թուական:
Քննելով մասնակցողներուն եւ կազմակերպիչներուն կարծիքները` ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը որոշեց աշխարհի ախոյեանին անունը վճռող մրցաշարքին կայացման թուականը յետաձգել մինչեւ մարտ 2013:
Նշենք, որ նախապէս յայտարարուած էր, որ անիկա տեղի պիտի ունենայ Լոնտոնի մէջ` 23 հոկտեմբեր -13 նոյեմբեր 2012-ին:
Այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ աշխարհի ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքը գրաւող հայրենի վարպետ Լեւոն Արոնեան:
2014-ին տեղի պիտի ունենայ նաեւ աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարք մը եւս, մինչ
2015-ին ջնջուած է: Օգոստոսին կամ նոյեմբերին տեղի ունենալիք կրան փրիի հանգրուաններէն մէկուն փոխարէն պիտի խաղցուի աշխարհի բաժակի մրցաշարքը:

