ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՊԱՐՈՒՏԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՌՈՒՄԻԷԻ ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Նախագահ Սլէյման եւ Պարուտ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շարունակեց իր հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները` հետեւելու համար Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ բնակող լիբանանցի քաղաքացիներուն ապահովութեան:

Այս ծիրին մէջ, ան ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ալի Շամին, որմէ տեղեակ պահուեցաւ Ապիճանի մէջ լիբանանցիներուն ապահովութեան համար որդեգրուած միջոցառումներուն մասին:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց ներքին գործոց նախարար Զիատ Պարուտը, որ ներկայացուց Ռումիէի բանտին մէջ ծագած ըմբոստութեան դրդապատճառներն ու զայն հակակշռելու միջոցառումներն ու մանրամասնութիւնները:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ ինք հանգիստ կը զգայ այդ իմաստով, որովհետեւ կարելի եղած է այդ ըմբոստութիւնը հակակշռել` առանց վիրաւոր մը իսկ արձանագրուելու:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ հրաժարեալ կառավարութեան աշխատանքի նախարար Պութրոս Հարպ, որ նախագահին հետ քննարկեց աշխատանքի նախարարութեան ներկայ կացութիւնը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ երեսփոխան Մարուան Ֆարեսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:

Նոյնպէս նախագահ Սլէյմանի այցելեց Լիբանանի մարոնի միաբանութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ միաբանութեան նորընտիր նախագահ հայր Թաննուս Նաամէի: Պատուիրակութիւնը նախագահ Սլէյմանը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու յառաջիկայ 22 ապրիլին Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ տեղի ունենալիք Յիսուս Քրիստոսի թաղման կարգին:

Նշենք, որ նախագահական պալատը յայտնեց, որ պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը այսօր ժամը 1:30-ին նախագահ Սլէյմանի նախագահութեամբ պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը` քննարկելու համար Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ գտնուող լիբանանցիներուն պաշտպանութեան միջոցները:

 

Share this Article
CATEGORIES