Շատ Շատախօս Ձուկ Մը
Ճչակի ձայներ, պզտիկ տրտռոցներ… Ահա կու գայ դօդօշ-ձուկը: Այս նշանաւոր անասունը կ՛ապրի ովկիանոսներուն խորերը եւ ծանօթ է իր ընդօրինակողի ձիրքով: Ան, գետնառիւծին նման, ուր որ հանգչի ջրախոտի մը վրայ կամ գետինը, կ՛առնէ այդ մակերեսին գոյնը եւ կերպարանքը: Այս ծպտումի կերպը իրեն կարելիութիւնը կու տայ պաշտպանուելու զինք որսացող միւս անասուններէն, եւ` աւելի դիւրութեամբ բռնելու իր որսերը:
Ամերիկացի գիտնականներ նշմարած են, որ այս դօդօշ-ձուկը շատ բարդ կանչ մը կ՛արձակէ: Ան ոչ միայն մէկ, այլ երկու հնչիւն կ՛արձակէ միաժամանակ, ինչպէս` թռչունները, որոնք երգի մեծ մասնագէտներ են:
Սակայն ինչպէ՞ս կ՛ընէ այս դօդօշ-ձուկը նման հնարք մը կատարելու համար: Ան կը գործածէ իր որովայնին մէջ զետեղուած կազով լեցուն «գրպանիկները»: Այս տոպրակները կրնան ուռիլ եւ թրթռալ: Այս «գրպաններուն» շուրջ գտնուող պզտիկ մկանները արագօրէն կծկելով` ան ձայներ կը յառաջացնէ: Այս ձայները կ՛արձագանգեն` շնորհիւ կազի տոպրակին: Եւ որովհետեւ ան երկու «գրպանիկներ» ունի, ան երկու ձայն կը հանէ:
Բազմաթիւ ձուկեր այս ձեւով «կը խօսին». կարգ մը ձուկեր կը վույվույեն, ուրիշներ կը սուլեն, «քլիք»-ներ կ՛ընեն, կը փչեն… Սակայն գիտնականներուն տակաւին ծանօթ չէր դօդօշ-ձուկերուն նման երգելու կարող ձուկի տեսակը:
Մասնագէտներուն համար ասիկա կը փաստէ, որ ձուկերը ունէին իրենց կարծածէն աւելի հաղորդակցութեան բարդ կերպ մը: Այս ձեւով, մենք գիտենք, թէ ձուկերը կ՛արտայայտուին վերարտադրութեան ընթացքին, կամ` երբ մէկը վրանին յարձակի: Սակայն անոնք ճիշդ ի՞նչ կ՛ըսեն: Գաղտնիքը տակաւին շատ մութ է, ծովերու խորքերուն նման:
Ձեռային Աշխատանք
Զատկուան Պատրաստութիւն
Սովորութիւն է Զատիկին ճիւղերով փունջ մը ընել եւ զայն զարդարել գոյնզգոյն հաւկիթներով: Եկէ՛ք` այս տարի մենք այդ ծառը զարդարենք գոյնզգոյն ծաղիկներով եւ անոր տակը շարենք բարիօրէն Զատիկին սպասող նապաստակները:
– Պէտք ունիս.- լաթակալներու, գունաւոր խաւաքարտերու, խէժի, ջրաներկի եւ ծառի ճիւղերու:
– Ինչպէս.- 1) Ծառերուն ճիւղերը ճերմակ ջրաներկով ներկէ, իսկ լաթակալները` կանաչ ջրաներկով: Ձգէ, որ չորնան: 2) Գունաւոր խաւաքարտերու վրայ գծէ եւ կտրէ տարբեր տեսակի ծաղիկներ (տես նկարը) եւ տերեւներ: Զանոնք լաթակալներուն վրայ փակցուր: 3) Ծաղիկները թելերով կախէ ծառին ճիւղերուն վրայ:
– Գարնան նապաստակները
– Պէտք ունիս.- Գունաւոր խաւաքարտի, փայտէ ցպիկներու, խէժի, բամպակի:
– Ինչպէս.- 1) Նապաստակին մարմնին շրջագիծը երկու անգամ գծէ խաւաքարտի վրայ եւ կտրէ: Զատէն գծէ եւ կտրէ երկու թեւեր, երկու սեւ քթիկներ, երկու ծաղիկներ: Թեւերուն համար կրնաս գործածել ալիքաւոր բարակ խաւաքարտ: 2) Իրարու փակցուր նապաստակին գլուխները, պոչիկներուն բաժինը եւ վարի ծալուած լեզուակները: 3) Պոչիկին տեղը քիչ մը բամպակ փակցուր: 4) Քիթերը եւ թեւերը փակցուր նապաստակին երկու կողմերը: Գծէ նապաստակին բերանը, աչուկները եւ պեխերը: 5) Ծաղիկները փակցուր փայտէ ցպիկին երկու կողմերը: Ծաղիկը փակցուր նապաստակին ձեռքերուն մէջ:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
- Կարիդոսը դէպի ետեւ կը լողայ:
- Մեղուները ունին հինգ աչքեր, բայց` ոչ մէկ ականջ:
- Միայն բոյսեր ուտող հոյամողէսները օրական մէկ թոն բուսականութիւն պէտք էր ուտէին:
- Ագեվազները կրնան ցատկել միայն այն ատեն, երբ անոնց պոչը գետին կը դպնայ:
- Բեւեռային բոլոր արջերը ձախլիկ են:
- Կովերը կը քրտնին իրենց քիթին ընդմէջէն:
- Իր կեանքին ընթացքին կով մը կրնայ մեզի հայթայթել մօտաւորապէս 200,000 գաւաթ կաթ:
- Ընձուղտը կրնայ ուղտէն շատ աւելի երկար ժամանակ առանց ջուրի մնալ:
- Ուղտի մը ողնայարը ուղիղ է:
- Աղաւնիին ոսկորները շատ աւելի թեթեւ են, քան` անոր փետուրները:
- Մազերը աւելի շատ կ՛երկարին տաք օդին…
- … Մինչ անոնք աւելի շուտ կը թափին աշնան:
- Մարդկային մարմինը մօտաւորապէս մէկ միլիառ բջիջ կ՛արտադրէ ժամական:
- Աստղանաւորդները, որոնք սովորութիւն ունէին խռկալու երկրագունդին վրայ, չեն խռկար անջրպետին մէջ:
- Անգլիոյ մէջ, Էլիզապէթ Ա.-ի օրերուն, մարդոց մօրուքին համար յատուկ տուրք գոյութիւն ունէր:
- Մեր ռունգերը տարբեր ձեւով կ՛առնեն հոտերը: Աջ ռունգը աւելի շատ կը զգայ անուշ հոտերը, իսկ ձախ ռունգը աւելի յստակ ձեւով կը զգայ հոտերը:
- Մեր մարմինը կը կշռէ մեր ուղեղին 40 անգամը:
- Մանուկները ծնկոսկր չունին մինչեւ երկու տարեկան:
- Մեր ուղեղը կը գործածէ մեր արեան մէկ հինգերորդը:
- Կոպերը ամէնէն արագ շարժող մկաններն են:
Ժամանց
Սովորութիւններ
Ապրիլ 1
Հակառակ անոր, որ ապրիլ 1-ը ո՛չ ազգային, ո՛չ ալ միջազգային տօն մըն է, բայց ան կը յիշուի եւ «կը տօնուի» աշխարհի չորս կողմը: Այդ օրը առիթ է կատակներ ընելու, կամ` մարդոց կռնակին վրայ թուղթէ ձուկեր կախելու:
***
Դարերու ընթացքին տարբեր ժողովուրդներու մօտ նման տօներ յիշուած են: Ինչպէս, օրինակի համար, հռոմէացիներուն Հիլարիա փառատօնը, միջնադարեան խենթերու փառատօնը, Դանիոյ եւ Շուէտի մէջ մայիս 1-ի կատակներու օրը, Քորէայի Ճոսէոն կայսրութեան տարուան ձիւնի առաջին օրուան արքունիքին յատուկ կատակներու օրը, կամ սպաներէն խօսող երկիրներու մէջ «Սուրբ անմեղներու օրը», որ կը տօնուի 28 դեկտեմբերին, եւ որուն ընթացքին մանուկները տունէ տուն կը պտտին` անուշեղէններ պահանջելով եւ ձայներ կը հանէին` կաթսաներու զարնելով:
Ըստ ուրիշ աւանդութեան մը, մինչեւ 1564 թուականը Նոր տարին կը տօնուէր ապրիլ 1-ին: Այդ տարին Ֆրանսայի Շարլ 9-րդ թագաւորը կ՛որոշէ Նոր տարուան թուականը փոխել յունուար 1-ին: Հետեւաբար 1 յունուար 1565-ին ամէն մարդ իրարու «Շնորհաւոր Նոր տարի» կը մաղթէ, նուէրներ կու տայ, ինչպէս` ամէն Նոր տարուան սկիզբը:
Սակայն շատեր դժուարութիւն ունեցան այս նոր թուականին վարժուելու. իսկ ուրիշներ նոյնիսկ լուր չունէին այս փոփոխութենէն: Հետեւաբար անոնք շարունակեցին իրարու նուէրներ բաժնել ապրիլ 1-ին: Անոնց ծաղրելու համար կարգ մը չարաճճիներ մտածեցին անոնց բաժնել իւրայատուկ նուէրներ` կեղծ նուէրներ, խնդալու համար… կատակներ:
Ներկենք
Ահա գեղեցիկ ձուկ մը, զոր կրնաս կտրել, ներկել եւ ապրիլ 1-ին գործածել կատակ մը ընելու համար…
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ