ՀԿՀՄ. Հայ Տպագրութեան 500-Ամեակին Նուիրուած Հանդիսութիւն Եւ «Ուրբաթագիրք»-Ի Ներկայացում
Հայկական տպագրութեան 500-ամեակին առիթով` հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան, երէկ` ուրբաթ, 30 մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ Կաթողիկէ միութեան «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Յակոբ Մեղապարտի «Ուրբաթագիրք»-ի ներկայացումը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց հայր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան, որ նշեց, թէ «Ուրբաթագիրք»-ը հայ տպագրութեան ճանապարհը լուսաւորեց եւ սկիզբ հանդիսացաւ հայ իրականութեան մէջ նոր իրագործումներու:
Ապա բեմ բարձրացաւ օրուան առաջին բանախօս, Անթիլիասի Մայր տաճարի լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեան, որ յայտնեց, թէ «Ուրբաթագիրք»-ը եկեղեցւոյ գանձերէն մէկն է, որ փրկուած հարստութիւն մըն է: Կոմիտաս սրբազան ըսաւ, որ Յակոբ Մեղապարտ անձամբ շարեց առաջին գիրքին գիրերը, կազմեց եւ իր ձեռքերով տպեց: Անթիլիասի Մայր տաճարի լուսարարապետը աւելցուց, որ «Ուրբաթագիրք»-ը աղօթագիրք մըն է, «որուն միջոցով կարելի է պաշտպանուիլ չարէն: Կոմիտաս արք. Օհանեան նաեւ ներկայացուց «Ուրբաթագիրք»-ի հրատարակութեան պայմանները, աշխարհագրական դիրքին կարեւորութիւնը եւ հետագայ զարգացումները:
ՀԲԸՄ-ի «Նոր Սերունդ» պարախումբի ելոյթին յաջորդեց երկրորդ բանախօսութիւնը, զոր ներկայացուց բանասէր եւ «Կամար» պարբերաթերթի խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան: Ան ներկայացուց հայրենիքէն հեռու առաջին գիրքի տպագրութիւնը կատարելու իրողութեան պատճառները: Այդ գծով Դանիէլեան նշեց, որ օրին Հայաստանի քաղաքական – տնտեսական պայմանները արգելք էին զարգացման: Ժիրայր Դանիէլեան մեծապէս գնահատեց 18-րդ դարուն Մխիթարեան միաբանութեան բեղուն գործունէութիւնը, որուն առաջնորդն էր Մխիթար Սեբաստացին, որ հեռատես մարդ մըն էր: Ան ներկայացուց տարբեր դարերու հայ տպագրութեան պայմաններն ու դժուարութիւնները, եւ նշեց, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք տպագրութիւնը գերզգալի նահանջ արձանագրած է:
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ մասով Թուխիկ Աւետիսեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Ապրել» եւ «Մայրենի լեզու» ստեղծագործութիւնները: Հայկական տպագրութեան 500-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը փակուեցաւ հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի պահպանիչով: