Գործակցաբար Հայկազեան Համալսարանի Եւ «Ծաղիկ» Շաբաթաթերթին Նորայր Ադալեանի Եւ Լեւոն Մութաֆեանի Զոյգ Դասախօսութիւնները` Հայաստանի Այժմու Մշակոյթին Ու Թատրոնին Մասին
Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ու Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ գործակցաբար «Ծաղիկ» շաբաթաթերթին ու Հայկազեան համալսարանի Հայագիտական ամպիոնին, երէկ` ուրբաթ, 30 մարտի երեկոյեան ժամ 7:00-ին, գրական շահեկան զրոյցի երեկոյ մը կազմակերպուեցաւ Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, Քանթարի:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու Հայկազեան համալսարանի երաժշտութեան դասախօս Զաքար Քէշիշեան:
Հայկազեան համալսարանին անունով բարի գալուստ մաղթելէ ետք, Զաքար Քէշիշեան յետադարձ հակիրճ ակնարկով վերյիշեց օրերս հիւրաբար Պէյրութ գտնուող` հայրենի գրականութեան եւ արուեստի գործիչներ դոկտ. Նորայր Ադալեանի եւ դոկտ. Լեւոն Մութաֆեանի բանախօսական-գրական ելոյթները` նշելով, որ ինքնին տօն է նման գրողներու հետ հանդիպում-զրոյցը: «Ադալեանի, Մութաֆեանի եւ անոնց նմաններուն շնորհիւ է, որ այսօր Երեւան դարձաւ գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք», ընդգծեց Քէշիշեան` սեղմ տողերու մէջ ներկայացնելով օրուան բանախօսներն ու անոնց ներկայացնելիք նիւթերը:
Առաջին բանախօսը` հայրենի գրականագէտ, արուեստի վաստակաւոր գործիչ դոկտ. Նորայր Ադալեան ներկայացուց «Հայաստանի ներկայ մշակոյթը» խորագիրով նիւթը:
Իր խօսքի սկզբնաւորութեան, դոկտ. Ադալեան խորապէս զգացուած ու շոյուած` իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ու սիրալիր ընդունելութենէն եւ «Ծաղիկ» շաբաթաթերթի խմբագրութեան կողմէ յուշանուէրով մը պարգեւատրումէն` յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ու նման գրական հանդիպումներուն սատարողներուն, Հայկազեան համալսարանին, Հայաստանի դեսպանութեան, «Ծաղիկ» շաբաթաթերթին եւ ներկաներուն: «Բոլորս գիտենք, թէ հայ գրականութիւնը 1500 տարեկան է, գիտենք, թէ հայ գրականութիւնն է, որ պահած ու պաշտպանած է հայ լեզուն ու ինքնութիւնը` շրջանցելով ու յաղթահարելով բոլոր դառն ժամանակներու հետքերը», յայտնեց Ադալեան` նշելով, որ Եղիշէ Չարենցով է, որ սկիզբ առաւ հայ արդի գրականութիւնը: Ապա ան անդրադարձաւ գրական ականաւոր դէմքերու ներդրումին, ինչպէս` Պարոյր Սեւակ, Յովհաննէս Թումանեան, Հենրիկ Էդոյեան, Յովհաննէս Գրիգորեան եւ ուրիշներ: Ան մէջբերեց Պարոյր Սեւակի «Լաւ է լինել հմուտ դարբին, քան` ոսկերիչ» խօսքը` նշելով, որ իրա՛ւ գրողը կ՛արձագանգէ իր ժամանակի ցաւերուն:
Իր կարգին դոկտ. Լեւոն Մութաֆեան խօսեցաւ «Հայաստանի ժամանակակից թատրոնի եւ Կինոյ»-ի մասին` հակասելով ակադեմիկոս Լեւոն Հախվերդեանի եւ Սօս Սարգսեանի` հայ արդի թատրոնի մահամերձ ըլլալուն մասին տեսակէտին եւ ընդգծելով, որ Հայաստանի մէջ թատրոնի մարզին մէջ կան տաղանդաւոր երիտասարդ արուեստագէտներ: Ան նաեւ նշեց 2010-ին Երեւանի մէջ գումարուած, 65 երկիրներէ ժամանած շուրջ 200 թատերական քննադատներու համաժողով-քոնկրէսը: Ան ցաւ յայտնեց, որ Արցախի թատերական վիճակը ոչ նախանձելի պատկեր կը ներկայացնէ: «Կայ նոր սերունդ, որ սփունքի նման կը ծծէ արեւմտեան ոճը, առանց երբեք անտեսելու հայկականը, ազգայինը», շեշտեց փրոֆ. Մութաֆեան` անդրադառնալով թատերական ականաւոր դէմքերու ներդրումին: Սակայն անկախութեան գաղափարը չենք իւրացուցած, տակաւին կ՛ապրինք խորհրդային շրջանին մէջ», շեշտեց ան: Անդրադառնալով ներկաներէն տոքթ. Եղիկ Ճերեճեանի այն հարցադրումին, թէ` ի՞նչ կը հասկնանք «Ժամանակակից» ըսելով` փրոֆ. Մութաֆեան դիտել տուաւ, թէ` հակասութիւն չկայ, «Ժամանակակից»-ը ժամանակի մէջ փիլիսոփայական հասկացողութիւնն է: «Հարցը նոր հերոսի խնդիրն է, զոր տակաւին չենք գտած, պէտք է գտնենք մեր նոր հերոսը», ընդգծեց Մութաֆեան: Անդրադառնալով շարժապատկերի արուեստին` դոկտ. Մութաֆեան դրուատիքով նշեց, որ «Այժմ ունինք ազգային յեղափոխական մտածողութեամբ շարժապատկերի մարզ, թէեւ կան գարշելի երեւոյթներ ալ», յայտնեց ան քննադատելով պատկերասփիւռի կարգ մը ֆիլմաշարեր: «Այսօր մենք ի՞նչ ենք կառուցում, ո՞րն է մեր ազգային գաղափարախօսութեան հիմքը» հարցադրումով եզրափակեց Մութաֆեան:

