Թուրքիոյ Մէջ Ռայի Պատրիարք – Տաւութօղլու Հանդիպում

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Թուրքիա, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ գտնուող մարոնի համայնքի կալուածներուն վերատիրացման մանրամասնութիւնները:

Ռայի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Թուրքիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Հապիպ Ապտել Սամատի հետ:

Կը նախատեսուի, որ Ռայի պատրիարքը այսօր հանդիպում մը ունենայ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

Share this Article
CATEGORIES