Նախարար Սապունճեան Այցելեց Ժիպէյլի Գործարանները
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Ժիպէյլ` ստուգելու համար հոն գործող գործարանները, որոնց շարքին կան նաեւ հայ գործատէրերու գործարաններ, ինչպէս` գոհարեղէններու յատուկ տուփերու պատրաստութեան «Ճի. Էս.» (Ճէորճի Սապունճեան) գործարանը, կահ կարասիներու «Նաճարեան» գործարանը, երկաթի յատուկ «Տեմիրճեան» գործարանն ու այլ գործարաններ, ինչպէս` «Սանիթա Եունիփեք»-ը:
Այցելութեան ընթացքին նախարար Սապունճեանի ընկերակցեցան կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի, երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիա եւ Ապպաս Հաշեմ, ինչպէս նաեւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Տենի Ժըտաուն:
Իր այցելութիւններուն ընթացքին նախարար Վ. Սապունճեան գնահատեց բոլոր գործարաններուն աշխատանքը` շեշտելով, որ հակառակ տիրող ծանր պայմաններուն եւ մարտահրաւէրներուն, Ժիպէյլի մէջ բանող գործարանները տոկացին` առանց փակելու իրենց դռները:
Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ Ժիպէյլի շրջանը կարիքը ունի անմիջական ենթակառոյցի, զտարաններու` կոյուղիներու ջուրերու զտման նպատակով:
Ան նշեց, որ Ժիպէյլի հիմնական դժուարութիւններէն են նաեւ կուպրապատուած ճամբաներու չգոյութիւնը, ինչ որ կը բարդացնէ բեռնատարներու փոխադրութիւնը:
Նախարար Սապունճեան ընդգծեց, որ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը իր աշխատանքը պիտի շարունակէ ներքին գործոց նախարարութեան հետ` սարքաւորելու համար ճարտարարուեստի յատուկ շրջանները` անոնց համար ապահովելով քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու եւ հրշէջներու կեդրոններ:


