«Հակառակ Կառավարութեան Աշխատանքներուն Նկատմամբ Մեր Վերապահութեան, Մենք Յանձնառու Կը Մնանք Կառավարութիւնը Հրապարակաւ Չքննադատելու» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած ճառին պահուն

Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Պիր Ապըտ շրջանին մէջ Սայիտա Զէյնապի անուան հիմնարկի բացումին առիթով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընդմէջէն ան հաստատեց, որ հակառակ կառավարութեան աշխատանքին ոչ արդիւնաւէտ ընթացքին վերաբերեալ իրենց վերապահութիւններուն, իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն կառավարութիւնը հրապարակաւ չքննադատելու:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իրենք այդ կեցուածքը որդեգրած են պահպանելու համար Լիբանանի գերագոյն շահերը, որովհետեւ Լիբանանի շահերը` ցնոր տնօրինում, կ՛ենթադրեն ներկայ կառավարութիւնը պահելու անհրաժեշտութիւնը:

«Եթէ կառավարութիւնը միակարծիք ըլլայ, զայն կը կոչեն միակողմանի կառավարութիւն, զէնքի կառավարութիւն, կուսակցութեան մը կառավարութիւնը եւ զէնքի ուժով իշխող կառավարութիւն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ չարաչար կը սխալին անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ զէնքի ուժով կատարուած է ելեկտրական հոսանք ապահովելու շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ կառավարութիւնը այդ որոշումին յանգած է կատարեալ համոզումով:

Անդրադառնալով Սուրիոյ իրավիճակին` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին զինուորական միջամտութեան եւ յատուկ ուժեր Սուրիոյ մէջ տեղակայելու հաւանականութեան քննարկումը կտրականապէս վերջ գտած է:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը ընդգծեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը կարելի կ՛ըլլայ սուրիական իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան միջեւ արձանագրուելիք շինիչ երկխօսութեամբ:

«Սուրիոյ ազգային-ռազմավարական դիրքը եւ անոր ժողովուրդին արժանապատուութիւնը կ՛ենթադրեն, որ Սուրիոյ տագնապին համար ապահովուի քաղաքական լուծում մը», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանազրկումին հաւանականութիւնները արդէն իսկ չքացած են:

 

Share this Article
CATEGORIES