Նախագահ Սլէյման Թեհրանէն Զօրակցական Նամակ Մը Կը Ստանայ

Նախագահ Սլէյման` իրանեան պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս ելեւմտական իրավիճակն ու պետական պիւտճէի նախագիծը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ արաբական եւ ափրիկեան հարցերու Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտել Լահիանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի:

Հանդիպումին ընթացքին Ապտել Լահիան նախագահ Սլէյմանին յանձնեց Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատէն նամակ մը, որուն մէջ կը շեշտուէր  Լիբանանի նկատմամբ Թեհրանի մնայուն զօրակցութիւնը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց խորհրդարանական շարք մը հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES