«Հողի Օր»-ուան Առիթով Ցոյցեր` Սահմանամերձ Շրջանին Մէջ
«Հողի օր»-ուան առիթով երէկ Լիբանանի եւ բռնագրաւուած Պաղեստինի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ տեղի ունեցան ցոյցեր, որոնց ընթացքին հազարաւոր երիտասարդներ պահանջեցին Պաղեստինեան պետութեան հիմնումը եւ պաղեստինցիներու տունդարձի իրաւունքին գործադրութիւնը:
Ցուցարարները համախմբուեցան Շքիֆի բերդին առջեւ եւ շեշտեցին, որ իրենք պաղեստինեան, լիբանանեան եւ սուրիական զէնքով մնայուն կերպով պիտի դիմադրեն Իսրայէլին:
Սահմանամերձ շրջանին մէջ ցուցարարները կատարեցին ուրբաթ օրուան իրենց նամազը:
Ցոյցին ընթացքին խորհրդանշական դարձաւ չորս հրեայ ռաբբիներու ներկայութիւնը եւ անոնց զօրակցութիւնը լիբանանցի, պաղեստինցի եւ սուրիացի ցուցարարներուն պահանջներուն: Անոնք դէմ արտայայտուեցան սիոնական գոյացութեան եւ դատապարտեցին անոր կողմէ գործուած բռնարարքները:
CATEGORIES Լիբանանեան