Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Ժողով

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները իրենց հերթական հանդիպումը գումարեցին հինգշաբթի երեկոյեան, «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ:

Միջկուսակցական ժողովը քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ արձանագրուող վերջին զարգացումները, երկրին մէջ թրքական պետութեան տարբեր մարզերու մէջ տարած գործունէութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ համայնքին վերաբերող հարցեր:

Օրակարգի առանձին կէտ էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին նախատեսած ապրիլեան ձեռնարկներու կազմակերպումը: Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները շեշտեցին Ցեղասպանութեան նիւթին յատկացուած տարբեր ձեռնարկներուն քաղաքական տարողութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES