«Ֆենիսիա» Պանդոկին Մէջ Հայաստանի Դրամատնային Մարզի Հեռանկարներուն Մասին Կլոր Սեղան

Հայաստանի դրամատնային համակարգին, երկրին մէջ դրամատնային մարզի կարելիութիւններուն եւ հեռանկարներուն մասին երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ շահեկան կլոր սեղան մը, որուն ընթացքին Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Արթուր Ջաւադեան եւ այլ զեկուցաբերներ, լիբանանահայ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ գործարարներուն ներկայացուցին հայրենի դրամատնային համակարգին ընձեռած  կարելիութիւնները:

Հայաստանի դրամատնային համակարգին գործունէութեան եւ ընձեռած կարելիութիւններուն մասին կլոր սեղանին ներկայ գտնուեցան պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեան, երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի եւ Արթուր Նազարեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեան, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական, ելեւմտական դրամատնային դէմքեր եւ գործարարներ:

Կլոր սեղանին բացման խօսքը արտասանեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ ողջունեց հայրենի դրամատնային մարզի պատասխանատուները եւ շեշտեց գործակցութեան կարեւորութիւնը: Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին նաեւ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Արթուր Ջաւադեան եւ Հայաստանի դրամատուներու միութեան նախագահ Աշոտ Օսիպեան, որոնք յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծեցին կլոր սեղանին կարեւորութիւնը` նաեւ կեդրոնանալով Հայաստանի դրամատուներու գործունէութեան, զարգացման հոլովոյթին եւ տարբեր կողմերու հետ գործակցութեան կարելիութիւններուն վրայ: Ապա երկու զեկուցաբերները խօսեցան Հայաստանի դրամատուներուն ներկայացուցած իրավիճակին եւ տուեալներուն մասին` փոխանցելով մանրամասն տեղեկութիւններ եւ վիճակագրութիւններու վրայ հիմնուած արդիւնքներ: Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան ելեւմտական համակարգի կայունութեան եւ զարգացման վարչութեան պետ Վահէ Վարդանեան ներկայացուց զեկուցում մը` «Հայաստանի ելեւմտական համակարգը. ընդլայնում եւ կայունութիւն» խորագիրով, իսկ Հայաստանի դրամատուներու միութեան գործադիր տնօրէն Սէյրան Սարգսեան զեկուցում մը ներկայացուց «Հայաստանի դրամատնային համակարգը. զարգացումներ եւ միտումներ» նիւթին շուրջ: Երկու զեկուցումներուն յաջորդեց ներկաներուն կողմէ հարցումներու բաժինը, որուն ընթացքին զեկուցաբերները ամբողջացուցին իրենց փոխանցած տեղեկութիւնները` լրացուցիչ բացատրութիւններ եւ լուսաբանութիւններ տալով ուղղուած հարցումներուն կապակցաբար: Կլոր սեղանի աւարտին տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին լիբանանահայ պատասխանատուներ եւ գործարարներ յաւելեալ առիթ ունեցան խորհրդակցութիւններ եւ միտքերու փոխանակում կատարելու  հայրենի դրամատնային մարզի պատասխանատուներուն հետ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES