Մինսքի Խմբակէն Ֆրանսայի Դուրս Գալը Բացասաբար Պիտի Ազդէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հոլովոյթին Վրայ

ՀՅԴ Հայաստանի գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան երէկ լրագրողներուն յայտնեց, որ եթէ Ֆրանսա դուրս մղուի Մինսքի խմբակէն, ապա ատիկա բացասաբար պիտի ազդէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին վրայ:

«Մենք բանակցութիւններուն մէջ մարտավարական լուրջ նահանջ կ՛արձանագրենք, եթէ Ֆրանսան դուրս մղեն ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակէն», յայտարարեց ան:

Միւս կողմէ, Ֆրանսա եւս շահագրգռուած է, որ դուրս չմղուի այդ հոլովոյթէն, եւ Հայաստան այս առումով լուրջ զինակիցներ ունի` յանձինս Ֆրանսայի տարբեր ատեաններու ներկայացուցիչներուն: «Այստեղ պաշտօնական դիւանագիտութեան դերը բաւական մեծ է: Ես համոզուած եմ, որ կարելի է  միջպետական յարաբերութիւններու միջոցով այս խնդիրին թափ հաղորդել», նշեց ՀՅԴ Հայաստանի գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES